ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Հազար անգամ լսուած եւ բոլորին կողմէ գիտակցուած իրականութիւն է գիւղէն դէպի քաղաք հոսքի բնական երեւոյթը, բայց ուրիշ բան է եւ տխրութեամբ կը համակէ էութիւնդ, երբ այդ կը վերաբերի քու երկրին: Այդպիսին էր շատերու կողմէ ընթերցուած, մեր մամուլի ականաւոր ներկայացուցիչներէն մէկուն՝ հանրածանօթ տնօրէնի մը մէկ գրառումը, որուն մէջ ան կը տեղեկացնէր Տաւուշի սահմանամերձ զուիցերիական գիւղ մը յիշեցնող Աճարկուտի մասին, որուն բարեկարգ դպրոցը այսօր ընդամէնը 12 աշակերտներ ունի, իսկ վերջին՝ եօթներորդ դասարանը՝ միայն մէկ:
2014ին սկսած, սակայն 2022ին թէժացած ռուս-ուքրանական պատերազմին պատճառով, այսօր, Եւրոպայի մէջ, ուքրանացի գաղթականներուն թիւը առաւել քան 6 միլիոն է, իսկ երկրին ներսը տեղահանուածներուն կամ տեղափոխուածներուն թիւը՝ 8 միլիոն: Փաստօրէն, պատերազմին սկիզբը 45 միլիոն հաշուող երկիրը երկու տարուան պատերազմին պատճառով կորսնցուցած է իր բնակչութեան 15 առ հարիւրը:
Աւելի հետաքրքրական է թիւը Ռուսիայէն արտագաղթողներուն, որոնց մէջ հիմնականը զինուորական տարիք ունեցողները եւ ծառայութենէ խուսափողներն են: Փետրուար 2022ին ծայր առած պատերազմէն ետք, մինչեւ նոյն տարուան Օգոստոս ամիսը, Ռուսիայէն հեռացողներու թիւը կը գնահատուէր 900,000ով. անոնք սփռուեցան նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներ, ինչպէս՝ Ղազախստան, Վրաստան, Հայաստան եւ անոնցմէ դուրս՝ Թուրքիա եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Հակառակ եւրոպական երկիրներ մուտքի արգելքներուն, քիչ չէին նաեւ Ֆինլանտայի հետ սահմանը ապօրինի հատողներու թիւը, որ, բնականաբար, ընդհատուեցաւ վերջինիս՝ ՆԱԹՕին անդամ դառնալէն ետք, որուն պատճառով այսօր սահմանի 1400 քիլոմեթր երկայնքին փշաթելեր եւ հսկողութեան կէտեր հաստատուած են:
Պատերազմը մարդկութեան պատմութեան անբաժանելի մասը եղած է անոր գոյութեան առաջին օրերէն սկսեալ եւ անիկա դարձած է անոր յառաջդիմութեան հիմնական գործօնը, նոյն ատեն՝ անոր ամէնէն մութ մղումներուն վկան: Անոր պատճառած ողբերգութիւնները իրենց ետին կը ձգեն տեսանելի եւ անտեսանելի սպիներ, յաջորդական բազմաթիւ սերունդներու վրայ՝ յիշեցնելով տեւաբար վայրագութիւններ կատարելու՝ անոնց հակամէտութիւնը եւ խաղաղութեան դիւրաբեկութիւնը: Մարդկութիւնը մնացած է նոյնը. Առաջ մարդը կը սպաննէր թուրով, նետով եւ նիզակով, այժմ՝ թնդանօթներով, օդանաւերով, նաւերով եւ ամէնէն արդիական մահացու զէնքերով:
Որքան բնական է մարդկութեան պատերազմելու եւ սպաննելու բնազդը: Պատերազմները կը մղուին տնտեսական, գաղափարաբանական, տարածքային եւ տիրապետելու համար, նոյնքան բնական է անկէ խուսափելու եւ խաղաղ ապրելու եւ արարելու մարդոց եւ ժողովուրդներու բնազդը: 2023ի սկիզբը, Գերմանիոյ մէջ, YouGov-ի կողմէ կատարուած եւ Die Zeit-ի մէջ հրապարակուած հարցախոյզի մը՝ գերմանացիներուն ուղղուած հարցումին, թէ անոնք զէն ի ձեռին պատրա՞ստ են պաշտպանելու իրենց երկիրը, պարտադրուած պատերազմի մը պարագային, անոնց միայն 11 առ հարիւրը «այո« պատասխանած էր, եւ իւրաքանչիւր 20էն միայն մէկը պատրաստակամութիւն յայտնած էր կամաւոր մեկնելու ռազմաճակատ, իսկ մօտաւորապէս 25 առ հարիւրը պատրաստ՝ երկրէն հեռանալու, զինուորական ծառայութենէ խուսափելու համար:
Սուրիոյ մէջ, մենք ունէինք առաւել քան 100,000 հաշուող ուժեղ, կազմակերպուած եւ բարգաւաճ գաղութ մը, որ ժամանակի ընթացքին նօսրացաւ: 1960ականներէն սկսեալ, տեւական արտագաղթ կար դէպի Լիբանան, այնքան՝ որ, ըստ կարգ մը հաւաստի աղբիւրներու, ինչպէս՝ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդարանը, Լիբանան հաստատուած սուրիահայերու թիւը, ըստ 1975ի տուեալներուն, կը հասնէր 65,000ի։ Անոնք լիբանանեան հպատակութիւն ստացան միայն 1990ականներուն եւ մինչեւ այդ թուականը ապօրինի կերպով կ՛ապրէին այդ երկրին մէջ: Այդ արտագաղթին հիմնական պատճառներէն մէկը Սուրիոյ մէջ զինուորական պարտադիր ծառայութենէ խուսափիլն էր, հակառակ անոր որ երկիրը միայն երկու անգամ Իսրայէլի դէմ պատերազմած էր, առաջինը՝ 1967ի եօթնօրեայ եւ երկրորդը՝ 1973ի 19օրեայ պատերազմը։ Իսկ զինուորական ծառայութիւնը, մասնաւորաբար հայութեան պարագային, իշխանութիւններուն կողմէ հաւատարիմ քաղաքացիներ նկատուելով՝ հայ երիտասարդները բանակին մէջ կը ծառայէին մեծ մասամբ իբրեւ արհեստաւորներ՝ աշխատելու համար զինուորական արհեստանոցներու մէջ, զինուորական կազմածներու եւ փոխադրակառքերու նորոգութիւններու համար, կամ արհեստաւոր չըլլալու պարագային՝ իբրեւ բարձրաստիճան զինուորականներու անձնական վարորդներ կամ գրասենեակներու մէջ ծառայողներ:
Իր անկախութեան առաջին օրերէն սկսեալ, Հայաստան յայտնուեցաւ բազմաթիւ աղէտալի վիճակներու մէջ, ինչպէս՝ 1988ի քանդիչ երկրաշարժի ողբերգական հետեւանքները կրելու բեռը, Արցախի պատերազմին բռնկումը, Ատրպէյճանի եւ դաշտային Ղարաբաղի հայկական գիւղերու պարպումը եւ ստուար բնակչութեան տեղահանումը եւ Հայաստանի մէջ բնակեցումը։ Ապա, երեսուն տարիներու վրայ երկարած անվերջ սահմանային բախումները, քառօրեայ պատերազմը եւ վերջապէս 44օրեայ պատերազմը։ Ամբողջ այս ժամանակաշրջանին եւ տակաւին շարունակուող շրջափակումը եւ անոր պատճառով՝ տնտեսական լճացումը, խորհրդային ժամանակաշրջանէն ժառանգած յետամնացութիւնը եւ համատարած փտածութիւնը, հովանաւորչութիւնը, կաշառակերութիւնը եւ բազմաթիւ այլ դժուարութիւններ: Այս բոլոր դժբախտութիւնները, բնականաբար, պիտի առաջնորդէին արտագաղթի անդադրում միտումներու եւ ալիքներու, որոնց պատճառով հաւանաբար երկրի բնակչութեան կէսը երկրէն հեռացած էր եւ դժբախտաբար չկայ ոչ մէկ միտում անոր դադրեցման:
Ինչպէս բոլոր ժողովուրդներուն պարագային, մեր մէջ ալ խաղաղութեան մէջ ապրելու եւ կեանքը վայելելու փափաքը տիրական է, սակայն զայն բարձրաձայնելու խիզախութիւնը եւ քիչ է համարձակութիւնը, որոնք հետեւանք են մեր աշխարհագրական դիրքին, մեր հարեւաններու հետ պատմական փորձառութեան, մեր անցեալին եւ կարգ մը ոչ-իրապաշտ կարծրատիպերու: Այս պայմաններուն մէջ, վերոնշեալ փափաքը բարձրաձայնելը եւ աւելին՝ զայն քաղաքական գաղափարախօսութեան վերածելը յաւելեալ առիթ է քաղաքական ընդդիմախօսութեան եւ անոր մերժումին։ Սակայն, ակներեւ է, որ այդ քաղաքականութեան դէմ են առաւելաբար երկրին մէջ բնակչութեան այն հատուածը, որուն մեծ մասը տարեց է, զինուորական ծառայութեան տարիքին մէջ չէ եւ երբեմն նոյնիսկ իրաւացի պատճառներով, իշխանութեան դէմ է: Աւելի հետաքրքրականը այն է, երբ անոր դէմ են եւ աւելի բարձրաձայն կ՛արտայայտուին Սփիւռքի մէջ ապրողները, որոնց զաւակները օտար հպատակութիւններ ունին եւ նոյնիսկ Հայաստանի քաղաքացիութիւն կը ստանան միայն 28 տարեկանի շեմը բոլորելէ ետք, երբեմն Հայաստան այցելելու պարագային, Հայաստանի քաղաքացիութիւն ունենալու բաւարարութիւնը զգալու համար:
Իրականութիւն ըլլալէ չի դադրիր այն, որ խաղաղութիւնը կը պարտադրուի միայն ուժով, սակայն իմաստութիւն է նաեւ ըլլալ իրապաշտ եւ կշռադատել մեր իրականութիւնը եւ ուժերու յարաբերակցութիւնը: Հիմա պահն է զգաստանալու եւ ընելու այն բոլոր բաները, որոնք մեզ կը դնեն զարգացման ուղիին վրայ: Պէտք է հզօրացնել մեր տնտեսութիւնը եւ պէտք է հզօրացնել մեր դիմացկունութիւնը: Պէտք է ամրացնել մեր սահմանները, մեր սպառազինութիւնը, մեր ամէն ինչը, որպէսզի մարդիկ մնան երկրին մէջ: Ասոնք կարելի կ՛ըլլան, եթէ գտնուի ուղի մը, որ խաղաղութիւն կը պարտադրէ առանց պատերազմի: Թերեւս այդպէս կարելի կ՛ըլլայ մեր գիւղերը շէնացնել:
Խաղաղութիւնը լաւ բան է եւ անհրաժեշտ Աճարկուտ գիւղին համար, որպէսզի, օր մըն ալ կարդանք. թէ գիւղին դպրոցը արդէն տասներկրորդ դասարան ալ ունի՝ տասներկու աշակերտներով: