
ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- 24 Ապրիլին, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի Հայկական օրէնսդրական համախմբումը տեղեկացուց, թէ իր կողմէ տրամադրուող կրթանպաստներու տարեկան մրցանքներուն շահողները յստակացած են:
Մրցումներուն կրնային մասնակցիլ Քալիֆորնիոյ բոլոր վարժարաններու 9էն 12րդ դասարաններու աշակերտները:
Շարադրութիւնը պէտք էր գրուէր իբրեւ առաջադրանք՝ Արցախի հայաթափումէն ետք բռնի տեղահանուած ժողովուրդին օժանդակութիւն հասցնելու միջոցներուն մասին։։
Արուեստի այս տարուան մրցումին նիւթը թերթի մը կողքին պատրաստութիւնն էր՝ լուսարձակի տակ առնելով Արցախի հայաթափումին ազդեցութիւնները։
Շարադրական մրցանքին մրցանակակիրներն են՝ Տիէկօ Կամպօա Մարթինեզ (առաջին, Պէյքըրսֆիլտի «Ինտիփենտընս» երկրորդական վարժարան), Լիլիթ Թադէոսեան (երկրորդ, Լա Քանիատայի երկրորդական վարժարան) եւ Սիլվիա Պալեան (երրորդ, Վեն Նայսի «Կրենթ» երկրորդական վարժարան):
Արուեստի մրցանքին մրցանակակիրներն են՝ Շի Լու (առաջին, Քլերմանթի երկրորդական վարժարան), Ալին Քոճիքեան (երկրորդ, Քալիֆորնիոյ արուեստից վարժարան, Տուարթէ) եւ Իլ Ճոյ Չենկ (երրորդ, Քլերմանթի երկրորդական վարժարան):
Իւրաքանչիւր մրցումի առաջին հանդիսացողը պիտի ստանայ 1000 տոլարի, իսկ երկրորդ եւ երրորդ հանդիսացողները՝ յաջորդաբար 750 եւ 500 տոլարի կրթանպաստ: