
ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթով »Թասս« ռուսական լրատուական գործակալութեան յայտնեց, որ Պաքու Ղարաբաղի մէջ ապահովութեան երաշխաւորման անհրաժեշտ ուժեր ունի:
«Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներուն, այս պահուն, անիկա Ատրպէյճանի Հանրապետութեան տարածք է, որ ունի ապահովութեան երաշխաւորման ուժեր, եւ ակնյայտ է, որ այդ հարցը միակողմանիօրէն չի լուծուիր: Տարածաշրջանի կայունութիւնը մեծապէս կախեալ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութենէն», ըսաւ Թասմակամպեթով: