21 Ապրիլին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան անդամները՝ ուղեկցութեամբ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանի:
Իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցելով միութեան ներկայացուցիչներուն՝ կաթողիկոսը ընդգծեց, որ անոնց հայոց հոգեւոր կեդրոնը այցելութիւնը վկայութիւնն է հայ եկեղեցւոյ հանդէպ որդիական սիրոյ եւ հաւատարմութեան:

Վեհափառը իր գնահատանքը յայտնեց երիտասարդներուն՝ ամէն տարի Ապրիլի 23ին, կազմակերպման համար դէպի Ծիծեռնակաբերդի բարձունքը ջահերով երթին, որուն միջոցաւ բազմաթիւ հայորդիներ, առաջնորդութեամբ նաեւ եկեղեցականներու, իրենց յարգանքը եւ խոնարհումը կը բերեն Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակին:
Հանդիպման ընթացքին, կաթողիկոսը նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ ապահովութեան սպառնալիքներուն: Հայրապետը ընդգծեց, որ տիրող ծանր իրավիճակէն կարելի է դուրս գալ միայն հայրենիքի ապագայի տեսլականին շուրջ համազգային միաբանութեան հաստատման ճանապարհով՝ մեր կեանքէն հեռացնելով ատելութիւնը եւ թշնամանքը ու հատուածական շահերու նկրտումները:
Հանդիպման ընթացքին կաթողիկոսը պատասխանեց երիտասարդներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին եկեղեցւոյ առաքելութեան, հայրենիքի դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման գծով՝ Մայր Աթոռի ջանքերուն եւ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն: