
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը (ՀԵԴ) կը տեղեկացնէ, թէ Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան լոյսին տակ, այս տարուան Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը նոր բնոյթ ստացած է եւ այդ պատճառով նախաձեռնած է «Փշրենք Ցեղասպանութեան Շղթաները» արշաւին։
Ապրիլ ամսուան ընթացքին, ՀԵԴն պիտի իրականացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի ցեղասպանութեան եւ հակահայ այլ արարքներու զոհերուն իրաւունքները պաշտպանելու եւ վնասուց յատուցում ապահովելու միտող քայլերու։
Արշաւին մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու համար այցելել ՀԵԴի Instagram-ի էջը՝ @AYFWest հասցէին։
Արշաւին ծիրին մէջ, Ապրիլ 24ին, կէսօրուան ժամը 12էն սկսեալ, Թուրքիոյ Պեվըրլի հիլզի հիւպատոսարանին առջեւ տեղի պիտի ունենայ նաեւ ՀԵԴի բողոքի տարեկան ցոյցը, 8500 Wilshire Boulevard հասցէին
ՀԵԴն կոչ կ՛ըէն համայնքին՝ հոծ բազմութեան մասնակցելու ցոյցին, լուսարձակի տակ առնելու համար ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ Արցախի ցեղասպանութիւնը։