Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի ճարտարապետներու պալատին հետ համագործակցութեամբ՝ կը կազմակերպուի համահայկական գիտաժողով մը, նուիրուած՝ Յովհաննէս Քաջազնունիին:
Գիտաժողովին նպատակն է՝ ներկայացնել ականաւոր ազգային-քաղաքական գործիչ Յովհաննէս Քաջազնունին՝ իբրեւ ճարտարապետ:
Գիտաժողովին խորագիրն է՝ «Յովհաննէս Քաջազնունին ճարտարապետ». Անիկա տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ճարտարապետներու պալատի դահլիճին մէջ, 15 Հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ։
Կը խնդրուի դիմումները ներկայացնել մինչեւ 1 Սեպտեմբեր, իսկ մանրամասնութիւններու համար դիմել Hayastan@hamazkayin.com, կամ info@armarch.am հասցէներուն։