ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթով յայտարարեց, որ Հայաստան վերջին շրջանին չի մասնակցիր ՀԱՊԿի քարտուղարութեան աշխատանքներուն, սակայն կազմակերպութենէն դուրս գալու մասին ծանուցումներ չէ ուղարկած:
«Քոմերսանթ»ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, ան հաստատեց, որ քարտուղարութիւնը Երեւանէն պաշտօնական յայտարարութիւն չէ ստացած՝ ՀԱՊԿին իր անդամակցութիւնը կասեցնելու վերաբերեալ՝ աւելցնելով, որ քարտուղարութիւնը պարբերաբար Երեւանը տեղեակ կը պահէ համապատասխան կառոյցներուն տուած որոշումներուն մասին: