ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ, Քալիֆորնիա.- Նախաձեռնութեամբ «Հեմըր» թանգարանին եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի երաժշտանոցին՝ 17 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ հայկական դասական երաժշտութեան նուիրուած համերգ մը՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն: Պիտի ներկայացուին շարք մը հայ յօրինողներէ ստեղծագործութիւններ։
Ելոյթ պիտի ունենան ուտահար Անդրանիկ Քիզիրեան եւ համալսարանին «Վէմ» նուագախումբը, ղեկավարութեամբ՝ համալսարանի դասախօսներէն եւ յայտնի ջութակահար Մովսէս Պօղոսեանի։
Մուտքը ազատ է։ Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար այցելել կայքէջը։