Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ՝ յանուն տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման, Հայաստան պէտք է հրաժարի «Ատրպէյճանին ներկայացուող տարածքային պահանջներէն»:
Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց Պաքու ժամանած Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Եասին Էքրեմ Սերիմի հետ հանդիպումին ընթացքին:
Անոնց առանցքային թեմաներէն մէկը, ըստ ատրպէյճանական աղբիւրներու, Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումն է:
Ասոր զուգահեռ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այհան Հաճիզատէ մեկնաբանեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի՝ 7 Մարտի յայտարարութիւնները, մասնաւորաբար Ալմա Աթայի հռչակագիրին մասին յիշատակումները: «Բոլորին յայտնի են այն պայմանները, զորս առաջադրեց հայկական կողմը Ալմա Աթայի հռչակագիրին միանալու ատեն, եւ որուն անոնք մնայուն կերպով յղում կը կատարեն: Յայտնի են այն օրէնսդրական կէտերը, որոնք դէմ են Ղարաբաղի՝ Ատրպէյճանի մաս ճանաչման», ըսաւ Հաճիզատէ:
Նոյն օրը, Միրզոյեան ըսած էր, որ Հայաստան հաւատարիմ է խաղաղութեան օրակարգին, իսկ ամէնէն առանցքայինը եւ կարեւորը տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչումն է, եւ հետագայ սահմանազատման գործընթացը՝ հիմնուած 1991ի Ալմա Աթայի հռչակագիրին եւ անով սահմանուող սկզբունքներուն վրայ: