



Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Մայքըլ Լոլըր միացած է Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ Ֆրենք Փալոնին եւ Կաս Պիլիրաքիսին, ինչպէս նաեւ քոնկրեսական Կապէ Ամոյին՝ Քոնկրեսին ներկայացնելով Հայկական պաշտպանութեան բանաձեւը։
Ատրպէյճանը ամերիկեան ռազմական օժանդակութենէ զրկելու միտուած այս նախագիծը կը խթանուի Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ։ Բանաձեւին նախագիծը անցեալ տարեվերջին Ծերակոյտին կողմէ ընդունուած էր՝ նպատակ ունենալով ապահովել «Ազատութեան աջակցութեան կանոն»ի թիւ 907րդ յաւելուածին կիրարկումը եւ էապէս սահմանափակելու նախագահին լիազօրութիւնները՝ յիշեալ յաւելուածին կիրարկումէն հրաժարելու ջանքերը։
Նոր բանաձեւին զօրակցութիւն ապահովելու նպատակով, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նախաձեռնած է լայնածաւալ արշաւի մը՝ բանաձեւին (H.R.7288) արագ քննարկումը եւ վաւերացումը ապահովելու համար:
«Տասնամեակներով Ամերիկայի նախագահները անխոհեմ կերպով հրաժարած են Ատրպէյճանի մենատէր վարչակազմին ռազմական օժանդակութիւնները սահմանափակելէ, նիւթապէս օգնելով եւ բարոյապէս քաջալերելով Պաքուն, ինչ որ առաջնորդեց Արցախի ցեղային զտումներուն եւ Հայաստանի տարածքի անօրինական գրաւումին։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ներկայացուցիչներ Լոլըրին, Փալոնին, Պիլիրաքիսին եւ Ամոյին իրենց սկզբունքային ղեկավարութեան համար», յայտնեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։
Քոնկրեսական Լոլըր, որ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ է, հաստատակամ է Պաքուին ախորժակները զսպելու համար Պայտընի վարչակազմէն յստակ քայլեր պահանջելու՝ իր կեցուածքին վրայ։ «Առաւել քան 100,000 հայեր Պաքուի յարձակումներուն թիրախ դարձան, բռնութեան ենթարկուեցան եւ տեղահանուեցան։ Ուղղակի անընդունելի է, որ Ամերիկա նիւթապէս օժանդակէ հայ ժողովուրդի դէմ Ատրպէյճանի այս արշաւին։ Հայաստանի պաշտպանութեան բանաձեւը պիտի դադրեցնէ Պաքուի մենատիրական վարչակազմին օժանդակելու ամերիկեան քաղաքականութիւնը»:
Իր կարգին, քոնկրեսական Փալոն ընդգծեց Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան համար Պաքուն պատասխանատուութեան ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը: «Նախագահ Ալիեւ խախտեց միջազգային իրաւունքի սկզբունքները, երբ մահացու յարձակում սկսաւ Արցախի վրայ: Աշխարհը չկրցաւ կասեցնել անոր ցեղասպանական արշաւը, որ 120,000 հայեր տեղահանեց իրենց պատմական հայրենիքէն, հակառակ անոր, որ Ալիեւի ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը եւ զօրաշարժերը յստակօրէն ցոյց կու տային, որ յարձակումը անխուսափելի է։ Ժամանակն է, որ Միացեալ Նահանգները եւ մեր դաշնակիցները լուրջ քայլերու դիմեն՝ կանխելու համար Ալիեւի ձեռքով յաւելեալ մահերը եւ քանդումները ու ապահովելու տարածաշրջանի ապահովութիւնը եւ կայունութիւնը, որ անհրաժեշտ է Հայաստանի նման ժողովրդավարական երկրի մը համար», ըսաւ Փալոն։
«Ամերիկացիները պէտք չէ իրենց գումարներով աջակցին Ալիեւի վարչակազմին: Մենք պէտք չէ անպատիժ ձգենք Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայերուն դէմ Ատրպէյճանի դաժան ռազմական յարձակումները եւ շրջափակումները։ Ես հպարտ եմ աջակցելու այս երկկուսակցական օրէնսդրութեան, որ ցոյց կու տայ, որ Միացեալ Նահանգները կանգնած է Հայաստանի ժողովուրդին կողքին», իր կարգին ըսաւ Պիլիրաքիս: