ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
ԱՄՈՒՍԻՆԴ ԱԼ ԲԵՐ

– Քա՛, Զիւմրիւթ հանըմ, ամուսինդ ալ հետդ բերէիր,- ասիկա է «բեր» եւ «բերել» բառերու իմ ամենահին յիշողութիւնս, երբ վեց կամ եօթը տարեկան էի ու մօրս հետ, Չորեքշաբթի օր մը, այսինքն կանանց յատուկ օրը, Պոլսոյ՝ նախապէս Թաթաւլա կոչուած թաղամասի հանրային բաղնիքին մէջ յայտնուեցայ եւ լոգանք ստացող կիսամերկ տիկիններու քննադատական խօսքերուն ենթակայ եղայ: Իսկ այսօր, երբ ամիս մը առաջ փափաքեցանք, որ Նոր Տարին բոլորիս բերէ երջանկութիւն, ուշացած պայմանագիր մըն ալ մեր հայրենիքին բերէ խաղաղութիւն, ես ալ մտածեցի, որ արդեօք հայկական գրականութեան պատմութեան մէջ ո՞վ եւ ինչո՞ւ ըսած է «բեր» եւ ի՞նչ էր այդ հրամայականին կամ աղաչանքին առարկան: Հետեւաբար, այսօր չըլլանք անտարբեր եւ խօսքի նիւթ դարձնենք այս փոքրիկ բառը, իսկ աւարտին դուք ալ անկասկած պիտի զարմանաք, թէ որքա՛ն տխրութիւն եւ բերկրանք պարունակած է այդ միավանկը:
ՔԱՄԻ՛, ՍԷՐ ԲԵՐ
Գիշեր մը, երբ աշուղը եւ իր եարը առանձնացած էին նախանձ աչքերէ հեռու, «Բեր» հրամայականը դարձաւ սիրային ու հաճոյաբեր եւ անոր ընկերակցեցաւ՝ գինին: Կ՛ուզեմ մէջբերել ժողովրդական խաղիկ մը, որ անկասկած ձեզի ժպիտ պիտի բերէ: Այս քառեակին մէջ աղջիկը իր սիրածը ջերմօրէն ընդունելու պատրաստութեան մէջ է. «Ապրիշում (մետաքս) խալի կը ձգեմ, / Ոսկեթել դօշակ (նստարան, անկողին) ի վերայ / Բարձրիկ մի սեղան բերեմ / Ու խորված կաքւուկն ի վրայ, / Շիշա մի գինի բերեմ, / Որ խմենք ի սիրոյ վրայ»: Մէկ այլ տողիկի մէջ տղան կը պնդէ, թէ եարը համբոյր մը պարտական էր իրեն: Աղջիկը համաձայն չէ. «ՏՂԱՆ— Ինձ պագ մ’երեսէտ, ի՛մ ճան, / Պիտի վճարես, ա՜յ: ԱՂՋԻԿԸ— Ծօ՛ լաճ, բեր վկայ, ա՜յ, բեր վկայ: / Թէ քեզ պագ պարտիմ, ի՛մ ճան»: Ապա, անքուն տղան կը պաղատի. «Իմ եա՛ր, ոնց որ չէ տարեր քունն զիս, բեր դնեմ երեսդ երեսիս»: Իսկ օր մը երբ աղջիկը կարօտի մէջ էր, աղաչեց, որ քամին ըլլայ լրաբեր. «Խիստ եմ կարօտացեր, զիմ եարս, / Ի՜նչ շահ է իմ շատ ապրիլս / Տար ու բեր, քամե՛կ, տար ու բեր: / Զգէշն տար, զաղէկն առ ու բեր: / Հա՜յ, տար ու բեր, տար ու բեր, գէշը տար ու աղուորը բեր»:
ԱՆՈՅՇ ԳԻՆԻ ԲԵՐ
Հայ տաղասացներ, Բարեկենդանի եւ գարնան ուրախ սեղանին համար պատուիրեցին կարմիր գինի: Այդ տաղասացներէն մէկն էր Աստուածատուր Հենեցին. «Այսօր մեծ խորհուրդ ունի, աւետի՜ս, / Արի, մեզ բեր անուշ գինի, աւետի՜ս»: 1500ներուն, Խարբերդ նահանգի Չմշկածագ գաւառակին մէջ, Եփրատի սարաւանդի մը վրայ թառած Խարասար գիւղի զաւակ Մարտիրոս Խարասարցի տաղասացը, այբբենական տաղ մը ստեղծեց եւ ամէն տառի համար ուրախութիւն երգեց. «Այբն ասաց՝ Այսօր խմենք, Բենն ասաց՝ Բարեկամով, Գիմն ասաց՝ Գինի բերէք»: Օքսուզ Աւետիքը եարին խուրձ մը ծամ պատուիրեց. «Բեր զիլֆիկդ (խոպոպիկ) սանտրեմ, մազիկդ հուսեմ, / Զէտ գիրք, Աւետարան, բեր աչքս քսեմ»: Մէկ այլ սիրահար սիրտ էր Սիմէոն Կաֆացին: Տաղասացին սիրտը հրճուեցաւ, երբ գարունն եկաւ. «Եկ, պիւլպիւլ (սոխակ) իմ գարնանային, / Ձայն աւետեաց բեր, բեր»: Իսկ մերձաւոր պատմութեան մէջ, Դանիէլ Վարուժանն էր, որ Սեբաստիոյ արտերուն մէջ կանգնած դիտեց առաջին ծիլերը եւ գարնան ջերմ խօսքեր արտասանեց. «Արտերս այս գիշեր / Կանաչցեր են լուսընկային տակ գարնան… / – Մայրի՛կ, ինծի ծիլ մը բեր, / – Քոյրի՛կ, ծիլ մը բեր ինծի, / – Հօտա՛ղ, ինծի ծիլ մը բեր, / – Հարսնո՛ւկ, ծիլ մը բեր ինծի… / Բերէ՛ք վարդգոյն ծաղիկներ, / Հնձուորին յո՜յսը վրան»:
ԲԵՐ ԻՆԾԻ ԽՐԱՏ
Միշտ չէ, որ ուրախ էր հայու կեանքը: Պանդխտութեան տխրաբեր օրերուն, «բեր» բառը դարձաւ աղաչական: Կարօտակէզ հայուհին պաղատեց կտոր մը լուրի համար. «Պագ մի չէ, երկուք կու տամ խարիպիս քովէն քալողին. / Դուն ինձմէ պագ մի կ՛ուզիս, ես հազար կու տամ բերողին: / Պագ մի չէ, երկուք կու տամ խարիպէս խապար բերողին»: Կեսուրը օր մը տեսաւ, որ հարսը լալագին է: Հարցուց. «ԿԵՍՈՒՐԸ— Հարսնո՛ւկ, քու ո՞ր տեղդ է ցաւեր: ՀԱՐՍԸ— Մարի՛կ, քու որդուդ սիրուն իմ ամէն տեղիկս է ցաւեր: ԿԵՍՈՒՐԸ— Մի՛ լար, հարսնո՛ւկ, գիր (նամակ) կ՛անեմ, որդիս կու բերեմ: ՀԱՐՍԸ— Գիր անես որդիդ բերես, Աստուծու լուսուն տիրանաս: Գիր չանես ու չի բերես, կ՛անիծեմ որ քար կու դառնաս»: Պոլսահայ գրագիտուհի, առաջին հայերէն կնոջական պարբերականի խմբագիր տիկին Էլպիս Կեսարացեան երազեց տարագիր եղբօր վերադարձը. «Երջանկաբեր դարձին մնամ տարփալի / Դու ես միայն բեկեալ սրտիս հեշտաբեր»: Յիսուն տարի առաջ ալ, կը յիշէ՞ք, Ալէքսէյ Հէքիմեան երգի վերածած էր Գէորգ Էմինի խօսքերը՝ հայ տարագիրներուն ուղղուած. «Գնա, կռունկ, երկրէ երկիր / Ու ետ դարձիր, – բարով դառնաս, / Բեր մեր հայոց պանդուխտներին, / Ու ետ դարձիր, – բարով դառնաս»: Իսկ 1563ին, Նախիջեւանի Երնջակ գաւառի Շահկերտ գիւղը ծնած եւ 21 տարեկանին Սիսի կաթողիկոս դարձած մանկավարժ, աստուածաբան Ազարիա Ջուղայեցին մեզի խրատ մը տուաւ. «Յորժամ որ դու գինի նստիս, շատ մի՛ խօսիր, / Զքո ընկերոջն աղէկն ասա, վատ մի՛ ասեր, / Զայլոց մեղք հրապարակաւ մի՛ բամբասեր, / Զայս խրատս լաւ պահէ, ի միտ բեր»:

ՕՁԻՔԷՆ ԲՌՆԷ, ԲԵՐ
«Բերել» բայը խիստ բազմիմաստ է: Անիկա է փոխադրել՝ «անտառէն փայտ բերել», տարածել՝ «քամին ծաղիկներու բոյրը կը բերէ», հրաւիրել, կանչել՝ «վկաներ բերել», բերք եւ պտուղ արտադրել՝ «Հարաւային կողմն աշխարհի, պտղաբերում թող ըլլայ», եւ այլն: Մեր մայրենին կ՛ըսէ նաեւ, բերել՝ զաւակ, օգուտ, վնաս, փորձանք, օրինակ, շահ: Իսկ, թէ՛ ծիծաղելի եւ թէ ցաւալի է «կարգի բերել» արտայայտութիւնը: Այս տեսակ բերելը պատկերալից ձեւով գրեց Արփիար Արփիարեանը «Կարմիր ժամուց» վիպակին մէջ. «- Սա ղարիպը ելածին պէս, եախայէն (օձիքէն) բռնէ հոս բեր,- եղաւ էֆէնտիական հրամանը»: Ճիշդ է, մենք յանցաւորը, անարժանը, ծոյլ եւ չար աշակերտը օձիքէն կը բռնենք եւ օրէնքի առջեւ կը բերենք: Իսկ գրաբարախօս մեր նախնիներուն համար, «բերել» բայը եղաւ օգտաբեր: Բերեմ մէկ-երկու օրինակ. «բերել զվճիռ»՝ վճիռ տալ, «բերել զլռութիւն»՝ լուռ մնալ, «նախանձ բերել ընդ ումեք»՝ մէկու մը նախանձիլ, «ընդ քիրտն բերել»՝ քրտնիլ, «ի միտս, ի յուշ բերել»՝ յիշել, «ընդ երկիր բերել, առ երկրաւ բերել»՝ աշխարհի պտոյտ կատարել: Իսկ, յարգելի ընթերցող, մտածեցի, որ դուք այժմ կը փափաքիք գիտնալ, թէ «բեր» արմատով կազմուած քանի՞ բառ ունի մեր լեզուն: Պատասխանը պատուաբեր եւ ուրախաբեր, հսկայական թիւ մըն է. 411: Այդ բոլորը մտաբերելու եւ մէջբերելու միտք չունիմ: Այդ գործը բառարանային լուրջ աշխատանքի կը կարօտի: Սակայն, կ՛արժէ 7 բառերու խուրձեր կազմել եւ հպարտանալ, թէ որքա՛ն պատկերալից է հայոց լեզուն: Նախ՝ քանի մը դրական բառ. ողջունաբեր, օրհնաբեր, ծիծաղաբեր, աւետաբեր, ուրախաբեր, պտղաբեր, կենսաբեր: Բնութեան վերաբերող բառեր. անձրեւաբեր, բքաբեր, ձիւնաբեր, կարկտաբեր, աստղաբեր, ծաղկաբեր, ցօղաբեր: Բացասական բառեր. գուժաբեր, դառնաբեր, արցունքաբեր, խաւարաբեր, վնասաբեր, տխրաբեր, մահաբեր: Բուսական աշխարհի պատկանող բառեր. խաղողաբեր, խնկաբեր, խնձորաբեր, հիւթաբեր, վարդաբեր, հասկաբեր, տերեւաբեր: Սեղանի եւ ընտանեկան կեանքի վերաբերող երջանկաբեր բառեր. որդեբեր, հարսնաբեր, մանկաբեր, հրաշաբեր, ախորժաբեր, բարեբեր, գինեբեր. Վերջապէս, ծանօթանանք նաեւ երկու հայուհիներու. Իւղաբեր եւ Լուսաբեր:
ՍԻՐՈՅ ՁԻՒՆ ԲԵՐ
Կոմիտաս վարդապետն էր, որ մեզի հայկական գիւղին ձայնը բերաւ՝ սիրաբեր երգերով: Արտօնեցէք մէջբերեմ երկու հատը, տղու-աղջկայ սիրոյ սիրունիկ զրոյցներ, որոնք յոյժ կենսուրախ են եւ ջերմաբեր. «Մի՛ գնա, մի՛ գնա, քեզ բան հարցնեմ. / Վա՜յ գիդի բլբուլս, / Սիրուհուցս լուր տուր, լուր բեր լուսաբեր», «Ես վառուայ քո սէրիցը, / Վարդավառին ինձ համար / Ձուն բեր դու սարերիցը»: Մենք այդ գեղջուկ զոյգին մաղթենք մեղրաբեր, կաթնաբեր, հասկաբեր, պտղաբեր, հացաբեր, գինեբեր եւ քաղցրաբեր օրեր:
ԱՐԹԱՔԻ՛, ԲԱՌ ԲԵՐ ԱՌԱՆՑ ՇԱՔԱՐԻ
Պոլսահայ բանաստեղծ Զարեհ Եալտըզճեան, 1960ական թուականներն էին, երբ օր մը, դարձեալ նախապէս Փրոթի անունով յայտնի կղզիին վրայ իր յաճախած ծովերեզեայ սրճարանը նստեցաւ: Արթաքին փութաց բանաստեղծին: Զահրատը ապսպրեց. «Բառ մը բեր, Արթաքի՛, շաքարը շատ»: Զահրատը, ընկերներն են վկայ, ունէր «աղուէս» մակդիրը: Աղուէս վաճառական էր նաեւ, բառերո՛ւ աղուէս: Օր մը ելաւ որսի. «Բառեր կ՛որսամ, / Գոյականներ կ՛որսամ, ածականներ կ՛որսամ… / Եթէ գոյականներ ունիք աւելորդ / Բերէք, լաւ գինով կ՛առնեմ»: Մէկ այլ օր, Զահրատը եղաւ բարեսիրտ եւ փափաքեցաւ կիսել մեր յոյզերը. «Բերէք ինծի ձեր սէրերը, ես մասնագէտ մեկնիչ եմ… / Բերէք քննեմ, կշռեմ չափեմ / Ու ըսեմ՝ / Որքանն իրաւ, որքանը սուտ է անոնց»:
ԳՈՒՍԱ՛Ն, ԿՐԱԿ ԲԵՐ
Յարգելի ընթերցող, մեր աշխատանքը այսօր ալ հասաւ իր աւարտին: Յուսամ, որ այս վաստակս ձեր բոլորին համար շահաբեր էր եւ օգտաբեր: Հրաժեշտի այս պահուն, ի միտ կը բերեմ Գուսան Աշոտի մէկ երգը, որ խիստ սիրաբեր է: Մինչեւ մեր յաջորդ հանդիպումը, ձեզի կը մաղթեմ մեխակաբեր եւ կրակաբեր օրեր:
«Հազար նազով եար, հովերի հետ եկ,
Ծաղիկ փնջելով՝ սարուորի հետ եկ,
Սեւ ձիուս վրայ, ձեր գիւղն եմ եկել,
Դուռդ փակ տեսել՝ մոլոր մնացել:
Սարի սիրուն եար, սարի մեխակ բեր,
Ա՜խ, չէ, ի՞նչ մեխակ, սիրոյ կրակ բեր»: