«Երեւան Եւ Փարիզ Սահմանին Տեղային Գործողութիւն Կը Ծրագրեն». Ատրպէյճանի Իշխանամէտ Մամուլ
Ատրպէյճանի մօտ Եւրոպական Միութեան դեսպան Փեթր Միխալքօ յայտնեց, թէ ինք կ՛ափսոսայ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան դէմ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու արշաւին համար։
«Կը ցաւիմ, որ վերջերս ատրպէյճանական կարգ մը լրատուամիջոցներ բացարձակապէս անհիմն քննադատութիւն հրապարակած են Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան հասցէին», «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է Միխալքօ` շեշտելով, որ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը անզէն է եւ անոր պաշտօնը դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելն է:
Ան վերահաստատեց, որ առաքելութեան նպատակը կայունութիւն եւ վստահութիւն ամրապնդելն է:
«Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ իր ջանքերը` աջակցելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու խաղաղ կարգաւորման», եզրափակեց Միխալքօ։
Հայաստան եւ Ֆրանսա կը նախապատրաստուին Ատրպէյճանի վրայ յարձակումի։ Արդէն երրորդ օրն է, որ հետեւողականօրէն այսպիսի յայտարարութիւն կը կատարուի Պաքուի մէջ գործող պետական եւ պաշտօնական մասնաւոր, բայց իշխանութիւններու ուղղակի վերահսկողութեան տակ գտնուող լրատուամիջոցներուն կողմէ:
Ցարդ որեւէ փաստացի ապացոյցով չհիմնաւորուած այս մեղադրանքներուն պատճառը Ֆրանսայի ազգային յատուկ զօրքերու զօրավար Ուիլիամ տը Մէյերի` նախորդ շաբաթավերջին Հայաստան տուած այցելութիւնն է, որուն ընթացքին բարձրաստիճան զինուորականը այցելեց նաեւ Ատրպէյճանի հետ սահմանի Ջերմուկի հատուածը:
Ֆրանսացի զօրավարին սահմանային այցելութեան լուսանկարները վերջերս հրապարակեց Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը:
Քանի մը ճր առաջ, Պաքու հաղորդեց, որ Ատրպէյճանի մէջ ձերբակալուեցաւ Հայաստանի սահմանը ապօրինի կերպով հատած Չեխիոյ քաղաքացի մը: Ատրպէյճանական իշխանամէտ լրատուամիջոցները կը փորձեն կապ գտնել անոր եւ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան միջեւ` Չեխիոյ քաղաքացին մեղադրելով լրտեսութեան մէջ: