

«Տուպայի մէջ նոր եկեղեցւոյ շինութեամբ թեմի վերածաղկումի ու վերակազմակերպումի ընթացքը նոր թափ պիտի ստանայ», այս հաստատումով Արամ Ա. կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ ողջունեց Տուպայի մէջ՝ ի պատիւ իրեն կազմակերպուած ճաշկերոյթին մասնակցողները:
Շուրջ 400 անձեր մասնակցեցան ճաշկերոյթին, որ դարձաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի Եւ Շրջակայից Հայոց թեմին վերածաղկումի շօշափելի արտայայտութիւններէն մէկը:
Ճաշկերոյթին ընթացքին, յաջորդաբար խօսք առին թեմի Ազգային վարչութեան անդամ Քրիսթին Եփրեմեան-Թոսունեան, Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վարուժան Ներկիզեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Հապիպեան, մեր Ս. Աթոռի Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համաատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեան եւ թեմի առաջնորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան: Բոլոր խօսք արտասանողները անդրադարձան կաթողիկոսին առաջնորդութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համահայկական առաքելութեան, վեհափառին համահայկական մտածողութեան եւ համախմբում յառաջացնելու աշխատանքին, տակաւ ծաւալող եւ վերակազմակերպուող թեմի աշխատանքներուն եւ հայրապետին հովուապետական այցելութենէն ետք թեմին դիմագրաւելիք մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ՝ Շարժայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 25ամեակին:
Իր պատգամին մէջ, Արամ Ա. իր բարձր գնահատանքը յայտնեց առաջնորդ սրբազանին, որ անցնող 10 տարիներուն ընթացքին ծառայութեան լծուած է մեր գաղութները գործօն ներկայութիւն դարձնելու շրջանէն ներս, թեմին եւ այլ համայնքներու եւ պետական կառոյցներու հետ իր ունեցած հետեւողական յարաբերութեամբ ու թեմական կառոյցները նոր ուժականութեամբ օժտելու իր ճիգով:
Կաթողիկոսը գոհութեամբ հաստատեց, որ պետական պատասխանատուները իրենց յատուկ գնահատանքը յայտնած են շրջանին մէջ հաստատուած հայ համայնքին նկատմամբ: Ապա, հայրապետը անդրադարձաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 25ամեակին: Ան նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց բոլոր անոնց (ներկայ, բացակայ թէ ննջեցեալ, հոգեւորական թէ աշխարհական), որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են եկեղեցւոյ շինութեան եւ իրենց ծառայութիւնը մատուցած են մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Վեհափառ հայրապետը ողջունեց Տուպայի մէջ նոր եկեղեցի եւ երիտասարդներու նոր կառոյց մը կառուցելու ծրագիրը, որ դարձած է անհրաժեշտութիւն, մանաւանդ վերջին տարիներուն, երբ պայմաններու բերումով, քաղաքին մէջ հայ համայնքի ներկայութիւնը նոր ծաւալ կը ստանայ, յատկապէս երիտասարդներու ներկայութեամբ:
Կաթողիկոսը յատուկ կերպով յիշեց գաղութի կեանքին մէջ երիտասարդութիւնը ներառելու հրամայականը: Շարունակելով իր խօսքը՝ հայրապետը ըսաւ, որ անհրաժեշտ է ազդու միջոցներու դիմել, որպէսզի երիտասարդութիւնը ո՛չ թէ սոսկ հետեւողի դիրքին վրայ ըլլայ, այլ առաջնորդողի դերով մասնակից դառնայ մեր համայնքայի կեանքին:

Իր պատգմին վերջին բաժնին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսը անդրադարձաւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան: «Յաճախ կը շեշտեմ՝ մեր ազգը մէկ ամբողջութիւն է՝ մէկ անցեալով, ներկայով ու ապագայով եւ մէկ հայրենիքով: Հայաստանի հզօրացումը Սփիւռքի հզօրացումն է եւ՝ փոխադարձաբար: Ասիկա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար լօզունգ չէ, այլ մտածողութեան ու ծառայութեան ուղեցոյց է: Այս յանձնառութեամբ լծուած ենք մեր թեմերու վերակազմակերպումի աշխատանքին», ըսաւ Արամ Ա.:
Իր պատգամի աւարտին, վեհափառը, ընդառաջելով թեմի խնդրանքին՝ «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանով պարգեւատրեց Արա Քէօսէեանը, որ երկար տարիներ թեմական ծառայութիւն ունեցած է եւ նիւթապէս օժանդակած թեմի ծրագիրներուն։ Իսկ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց Մուշեղ Պետիրեանը, որ դարձեալ թեմական ծառայութիւն ունեցած է անցնող տարիներու ընթացքին:
Ճաշկերոյթին ներկայ էին Հայաստանի դեսպան Կարէն Գրիգորեան եւ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Ասսաֆ Տումաթ:
Յայտնենք, որ վեհափառը նախքան Տուպայէն իր մեկնելը հանդիպումներ ունեցաւ թեմի Երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան ատենապետներուն հետ եւ քննարկեց թեմին յառաջիկայ ծրագիրները:
Նոյն օրը, Հինգշաբթի գիշեր, հայրապետը Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համաատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեանի հետ վերադարձաւ Անթիլիաս։ Իսկ յաջորդ օրը, Մեսրոպ Սրբազան մեկնեցաւ Քաթար, Նորին Ս. Օծութեան կողմէ յատուկ նամակ մը յանձնելու վարչապետ Մուհամմէտ Պըն Ապտ Ալ-Ռահման Պըն Ճասէմ Ալ-Սանիին: