Դատաւորներու ընդհանուր ժողովին կողմէ Դաւիթ Բալայեան ընտրուեցաւ Սահմանադրական դատարանի դատաւորի թեկնածու: Այս մասին հաղորդեց Բարձրագոյն դատական խորհուրդը:
49ամեայ Դաւիթ Բալայեան Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր է:
Սահմանադրական դատարանի դատաւորի պաշտօնը թափուր է այս տարուան սկիզբէն, երբ դադրեցան Արայիկ Թունեանի լիազօրութիւնները: Թունեանի հրաժարականին պատճառը անոր` Եւրասիական տնտեսական միութեան դատարանի դատաւոր ընտրուիլն է: