Թուրքիոյ խորհրդարանի Պաշտպանութեան հարցերու յանձնախումբի ատենապետ եւ պաշտպանութեան նախկին նախարար Հուլուսի Աքարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 29 Յունուարին այցելեց Պաքու եւ ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահին կողմէ։
Ալիեւի հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները՝ ռազմական եւ պաշտպանական արդիւնաբերութեան բնագաւառներուն մէջ, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի վերջին զարգացումները։
Լրագրողներու հետ ասուլիսին ընթացքին, Աքար անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին՝ սպառնալիքներ հնչեցնելով Հայաստանի հասցէին։ Նշելով, որ Հայաստան պէտք է ժամ առաջ սեղմէ Ատրպէյճանի մեկնած «խաղաղութեան ձեռքը»՝ ան ըսաւ. «Կարգ մը երկիրներ կ՛ուզեն ձեւով մը Հայաստանը գործիք դարձնել։ Եթէ Հայաստան ընտրէ այդ սխալ ճամբան, ինչպէս 44օրեայ պատերազմին, շատ լուրջ վնաս պիտի կրէ եւ սուղ գին պիտի վճարէ։ Պէտք չէ թոյլ տալ որ այդպէս ըլլայ։ Մեզի համար առանցքայինը խաղաղութիւնն է, հանդարտութիւնը եւ Կովկասի ապագան»։