Միացեալ Նահանգներու Շարժապատկերի արուեստներու եւ գիտութիւններու ակադեմիան հրապարակեց հազարաւոր ֆիլմերու մէջ, 2024ի «Օսքար»ի մրցանակաբաշխութեան ցանկը թեկնածու ֆիլմերու, որոնցմէ պիտի ընտրուին «Օսքար»ի վերջնական մրցանակակիրները։
Վաւերագրական կարճ ֆիլմերու դասակարգին մէջ, The Last Repair Shop («Վերջին Նորոգութեան Խանութը») ֆիլմը, մէկն էր վերջին հանգրուանին հասած հինգ ֆիլմերէն։ Անիկա պատմութիւնն է Լոս Անճելըսի մէջ հանրային վարժարաններ յաճախող աշակերտներու երաժշտական գործիքները ձրիաբար նորոգող աշխատանոցի մը, որուն գլխաւոր վարպետը 1980ականներու վերջաւորութեան Ատրպէյճանի ջարդերէն ճողոպրած հայազգի Սթիւ Բեկմանեանն է։ Ֆիլմին բեմադրիչներն են՝ Պեն Փրաուտֆութ եւ Քրիս Պաուըրզ։
Սակայն, Հայաստանի կողմէ ներկայացուած ֆիլմը՝ բեմադրիչ Միքայէլ Ա. Կուրճեանի «Ամերիկացի»ն, «Լաւագոյն միջազգային ֆիլմ» դասակարգին մէջ մրցանակի թեկնածու չընտրուեցաւ։