Շաբաթ, 23 Դեկտեմբերը ցնծուն եւ խանդավառ օր էր Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Փեթակ» շաբաթօրեայ դպրոցին համար: Տօնական հագուստներ հագած աշակերտներ, ծնողներ, մեծ հայրեր եւ մեծ մայրեր Մանուկ Յիսուսի ծննդեան օրը տօնելու համար, մոմեր բռնած՝ մտան տաճարը եւ ներկայ եղան աշակերտներուն համար պատրաստուած արարողութեան:
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քահանայ Փեթոյեան սիրալիր խօսքերով դիմաւորեց դպրոցի սաները, ապա սկսաւ փոքրիկներուն հասկնալի եւ կատակախառն լեզուով բացատրել Յիսուսի ծննդեան իմաստը: Աշակերտները ընթերցումներով, տէր Սարգիսի հարցումներուն բարձրաձայն պատասխաններ տալով աշխոյժ մաս կազմեցին այս քարոզ-դաստիարակութեան:
Ապա, աշակերտները բեմ ելան եւ երգի ուսուցչուհի Մարալ Քիւրտեանի առաջնորդութեամբ երգեցին Տէրունական աղօթքը եւ տօնական հոգեւոր երգեր: Աշակերտները հաղորդութիւն ստացան դպրոցի ուսուցչուհի Ազնիւ Սէրայտարեանի կատարած ընտիր շարականներու ստեղծած խորհրդաւոր մթնոլորտին մէջ:



Օրը երկրորդ երանգ ստացաւ «Տունայեանց» սրահին մէջ: Հայկական Նոր Տարուան ուրախ երգերով աշակերտները եւ հիւրերը լեցուցին սրահը: Ապա, բոլոր մանուկները բեմին վրայ ժպտադէմ երգեցին Կաղանդ պապային, Ամանորին, լուսաւոր եւ զարդարուած տօնածառին նուիրուած երգեր: Աշակերտները երգեցին նաեւ «Խաղաղ գիշեր» երգը, որուն խօսքերը կը պատկանին Լեւոն Շանթին, իսկ երաժշտութիւնը՝ Բարսեղ Կանաչեանին:
Եւ հասաւ սպասուած պահը. Կաղանդ պապան իր պղնձեայ ձեռնազանգակը հնչեցնելով եւ աւետելով Նոր Տարին՝ ուրախութեան պոռչտուքներու մէջ մուտք գործեց սրահը: Ան փառաւոր կերպով բազմեցաւ իր գահին վրայ եւ բացատրեց, թէ Արարատի վրայ կուտակուած առատ ձիւնին պատճառով, քիչ մը ուշացած է, ջերմ զրոյցներ ունեցաւ իւրաքանչիւր սանիկի հետ, ապա անոնց տուաւ սիրուն նուէրներ:
Այս բացառիկ յայտագիրը աւարտեցաւ շուրջը ախորժաբեր սեղանի մը, որ զարդարուած էր դպրոցի մայրերու կողմէ բերուած հայկական աւանդական ճաշատեսակներով:
«Փեթակ» շաբաթօրեայ դպրոցը կը շնորհաւորէ Նոր Տարին, բոլորին մաղթելով խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն:
(Թղթակցութիւն՝ դպրոցէն)