Պաքու արդիւնաւէտ եւ կառուցողական փոխգործակցութիւն կը նկատէ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու ոչ-պաշտօնական հանդիպման ծիրին մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի շփումները: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ թրքական TRT պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, այս մասին յայտարարեց Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ:
Ըստ անոր՝ Պաքու կը ձգտի յառաջ տանել խաղաղ գործընթացը եւ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու լուրջ խոչընդոտներ չի տեսներ:
Սակայն, ան համաձայնագիրի ստորագրութեան հաւանական թուականներուն մասին չխօսեցաւ՝ պատճառաբանելով, որ Պաքու եւ Երեւան կը շարունակեն բանակցութիւններ վարել: