
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը յայտարարէ, թէ յառաջիկայ տարի տեղի ունենալիք Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի եւ Ծերակոյտի ընտրութիւններուն պիտի զօրակցի Ճան Հայրապետեանի (խորհրդարանի 41րդ ընտրատարածք) եւ Իվոն Եիուի (Ծերակոյտի 25րդ ընտրատարածք) ընտրապայքարներուն։
Իրաւաբան Ճան Հայրապետեան ծնած է Փասատինայի կից գտնուող Սիէրա Մատրէ քաղաքին մէջ եւ 2012էն 2020 եղած է այդ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ; Ժամանակաշրջան մը ան նաեւ եղած է քաղաքապետ։ Ան երկար տարիներու փորձառութիւն ունի քաղաքական, իրաւաբանական եւ գործարարական ոլորտներուն մէջ եւ ծանօթ է իր հայանպաստ դիրքորոշումներով։ Ներկայիս ան նաեւ Միացեալ Նահանգներու Դեմոկրատ կուսակցութեան Լոս Անճելըս գաւառի մասնաճիւղի փոխատենապետն է եւ նահանգային յանձնաժողովի մը անդամ է։
«Ճանը հասակ նետած է շրջանիս հայ համայնքին մէջ եւ վստահենք, որ հայութեան ձայնը յստակօրէն պիտի հասցնէ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանը։ Անոր հետ մօտէն պիտի գործակցինք հայութիւնը յուզող հարցերը յառաջ մղելու համար», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի փոխատենապետ իրաւաբան Ռաֆֆի Գասապեան։
Յաջողած ձեռնարկատէր Իվոն Եիու զաւակն է Հոնկ Քոնկէն գաղթած ընտանիքի մը եւ ներկայիս անդամ է Մոնթերէյ Փարքի քաղաքապետական խորհուրդին։
«Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի 25րդ ընտրատարածքի ընտրութիւնները շատ կարեւոր են ամերիկահայութեան համար, որովհետեւ այժմ այդ պաշտօնին վրայ կը գտնուի երկար տարիներէ ի վեր ամերիկահայութեան շահերը ջատագովող ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ։ Ամիսներու քննարկումներէն ետք, որոշեցինք զօրակցիլ Իվոն Եիուին եւ անոր հետ եւս մօտէն պիտի գործակցինք՝ հայ համայնքին շահերը պաշտպանելու համար», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։
Երկու թեկնածուները շնորհակալութիւն յայտնեցին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին՝ իր ցուցաբերած զօրակցութեան համար։
2024ի նախնական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 5 Մարտին, իսկ ընտրութիւնները՝ 5 Նոյեմբերին։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել hyevotes.org կայքը։