11 Դեկտեմբերին, Աթլանթայի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) մեկնարկած ՄԱԿի փտածութեան դէմ պայքարի համաձայնագիրի անդամ երկիրներու 10րդ համաժողովի մեկնարկին, Հայաստանի պատուիրակութեան պահանջով՝ քուէարկութեամբ հաստատուեցաւ նստաշրջանին հայկական շարք մը հասարարակական կազմակերպութիւններու մասնակցութիւնը, որուն դէմ արտայայտուեցաւ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնը։
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու մասնակցութեան թեր քուէարկեցին 61 երկիրներ, դէմ` Ատրպէյճան եւ Թուրքիա։
Ասիկա առաջին անյաջող փորձը չէ, երբ Ատրպէյճան կը միտի արգելափակել կամ խոչընդոտել հայկական կազմակերպութիւններու մասնակցութիւնը տարբեր միջազգային համաժողովներու:
Այս պարագային, Ատրպէյճանի թիրախը դարձան «Թրանսփերընսի Ինթըրնեշնըլ հակակոռուպցիոն կենտրոն», «Ինֆորմացիայի ազատութեան կենտրոն», «Արմաւիրի զարգացման կենտրոն» կազմակերպութիւնները, որոնք քուէարկութենէն ետք լիիրաւ կերպով կը մասնակցին համաժողովի աշխատանքներուն: