Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերգէյ Լաւրով եւ Ճէյհուն Պայրամով 5 Դեկտեմբերին, դարձեալ քննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորումը՝ առանց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին: Ընդ որում, միայն այս տարուան աշնան Պայրամով եւ Լաւրով եօթը հանդիպում եւ հեռաձայնային զրոյց ունեցան։
5 Դեկտեմբերի հանդիպումին անոնք յատուկ կերպով ընդգծեցին երկկողմ կապերու տպաւորիչ թափը:
Բանակցութիւններէն ետք, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ «հաստատուած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող ջանքերը աւելցնելու անհրաժեշտութիւնը՝ 2020էն 2022 բարձրագոյն մակարդակով ընդունուած եռակողմանի համաձայնագիրներու հիման վրայ»։
Թէեւ հայկական կողմը ներկայ չէր, սակայն Լաւրով բանակցութիւններուն սկիզբը շեշտեց, որ պիտի քննարկեն նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները։
Իր խօսքին մէջ Լաւրով յատուկ կերպով նշեց նաեւ, որ Մոսկուա խոստմնալից կը նկատէ «3+3» տարածաշրջանային հարթակը, որ փաստօրէն դուրս կը ձգէ արեւմտեան միջնորդները:
Այս ձեւաչափին մասնակից Իրան, Ռուսիա եւ Ատրպէյճան պարբերաբար կը յայտարարեն, որ Հարաւային Կովկասի հարցերը պէտք է կարգաւորեն տարածաշրջանային երկիրները՝ առանց երրորդ երկիրներու միջամտութեան։ Հայաստան վստահեցուց, որ պատրաստ է քննարկելու համագործակցութիւնը, Վրաստան, սակայն, կը մերժէ մասնակցիլ՝ Ռուսիոյ հետ իր տարակարծութիւններուն պատճառով։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, թէ Պաքու՝ իբրեւ Երեւանի հետ խաղաղութեան գործընթացի հիմնական նախաձեռնող, շահագրգռուած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատումով: Պայրամով պնդեց, որ խաղաղութեան պայմանագիրի մը շուրջ համաձայնութեան համար «պայմանները ստեղծուած են»։ Ան դիտել տուաւ, որ Պաքու հանդէս կու գայ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմաններու սահմանազատման շուրջ բանակցութիւններու աշխուժացման օգտին, ինչ որ կը նկատուի կարգաւորման ուղղութիւններէն մեկը:
Լաւրով դարձեալ խօսեցաւ Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ խորացող դաշնակցային յարաբերութիւններուն մասին՝ շեշտելով, որ երկու երկիրները ներկայիս կը մշակեն շարք մը միացեալ նախագիծեր, աշխոյժ կերպով կը զարգանան նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւնները։
Լաւրով շեշտեց, որ տարեվերջին Ալիեւը կը սպասեն Ս. Փեթերսպուրկի մէջ՝ ԱՊՀ ոչ-պաշտօնական վեհաժողովին։ Կը սպասուի նաեւ Հայաստանի վարչապետը։
Աւելի կանուխ Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղարը դիտել տուած էր, որ եթէ Նիկոլ Փաշինեան երթայ Ս. Փեթերսպուրկ, տեղի պիտի ունենայ նաեւ Փութին-Փաշինեան հանդիպում մը: