
SpaceX ընկերութեան Falcon 9 հրթիռով Ուրբաթ օր տիեզերք արձակուեցաւ Հայաստանի եւ հայ մասնագէտներու կողմէ մշակուած առաջին արբանեակը՝ «Հայասաթ-1»ը։
Արբանեակը հասաւ 517 քլմ. բարձրութեան, որ կը կոչուի «արեգակնասինխրոն ուղեծիր» եւ իւրայատուկ է անով, որ անընդհատ կը պտըտի Երկիր մոլորակի առանցքին շուրջ, նոյն կերպով կողմնորոշուելով Արեգակի նկատմամբ: Այսինքն՝ ամէն անգամ արբանեակը մօտաւորապէս նոյն ժամուն կը հատէ երկրային հասարակածը, եւ կապի կարելիութիւններ կը ստեղծուին:
Ըստ նախնական տուեալներու՝ վաղը առաւօտեան հաւանական է, որ հայ մասնագէտները առիթը ունենան ուղղակի կապուելու արբանեակին հետ:
Արբանեակը աւելի ուշ պիտի սկսի արեգակի լոյսով լիցքաւորուիլ, ապա պիտի բանայ ալեհաւաքները եւ անցնի իր գործառոյթներու կատարման։
Հրթիռին մէջ կան նաեւ բազմաթիւ այլ արբանեակներ։
«Հայասաթ-1» արբանեակը ստեղծուած է «Բազումք» տիեզերական հետազօտութիւններու տարրալուծարանին եւ Գիտական նորարարութեան եւ կրթութեան կեդրոնին կողմէ:
Արբանեակին վրայ գրուած է՝ ARMENIA IN SPACE FOR SCIENCE (Հայաստանը տիեզերքի մէջ` յանուն գիտութեան)։
«Հայասաթ-1»ը հայկական երկրորդ արբանեակն է, որ կարձակուի տիեզերք, սակայն առաջինն է, որ ամբողջութեամբ մշակուած եւ ստեղծուած է հայ մասնագէտներու կողմէ՝ Հայաստանի մէջ։
««Հայասաթ-1» արբանեակը զինուած է նրա տարբեր կողմերի վրայ ընկնող լոյսի ուժգնութիւնը չափող տուիչներով, արբանեակի համար կողմնացոյցի դեր կատարող մագնիսաչափերով, արբանեակի պտոյտները մարող մագնիսադարձիչներով, տարբեր մասերի ջերմաստիճանները չափող տուիչներով, ինչպէս նաեւ կողմնորոշման փոփոխութիւնները չափող տուիչներով։ Արբանեակն ունի երկրորդային օգտակար բեռ, որի չափումների շնորհիւ տուեալներ են ստացուելու արբանեակի պտոյտների, դիրքի եւ շարժման վերաբերեալ։ Այն կազմուած է GPS ընդունիչից՝ իր ալեհաւաքներով հանդերձ, եւ Հայաստանում մշակուած ու ստեղծուած փորձնական «իներցիոն» (անգործութեան) չափիչ սարքից (IMU)», կը տեղեկացնէ «Բազումք»ը։