Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ Կազայի մէջ պատերազմի շարունակութիւնը ճիշդ «Համաս»ի ուզածն է: «Ահաբեկչութեան, բռնութեան, սպանութեան եւ պատերազմի ուղիով ընթանալը համազօր է «Համաս»ին ուզածը տալուն. բան մը՝ որ չենք կրնար ընել», աւելցուց ան:
«Կազայի մէջ պատերազմը դադրեցնելը իսրայէլեան կառավարութեան լուծարում պիտի նշանակէ», նախքան այդ յայտարարած էր Իսրայէլի ներքին գործոց նախարար Իթամար պեն Ղաֆիր:
«Կազայի մէջ բոլոր բանտարկուածներու ազատ արձակման դիմաց պատերազմը դադրեցնելը Իսրայէլին վերջ տալու ծրագիր է: Այդ մէկը օրակարգի վրայ չէ, ոչ իսկ իբրեւ առաջարկ: Այդ հարցին շուրջ քննարկում բացարձակապէս չկայ: Կը շարունակենք մինչեւ բացարձակ յաղթանակ եւ «Համաս»ի ոչնչացում», իր կարգին յայտնեց Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար, ծայրայեղական Եցլէիլ Սոթրիչ։
Յայտնենք, որ Հինգշաբթի օր մէկ օրով եւս երկարաձգուեցաւ զինադադարը, երկու կողմերէն գերիներու փոխանակումը կարելի դարձնելով։
Միւս կողմէ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան երկրի խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ հետեւեալը յայտարարեց. «Նեթանիահու, որ Կազայի մէջ վերջին 100ամեակի մեծագոյն չարագործութիւններէն մէկը գործած է, արդէն իբրեւ «Կազայի դահիճ» գրած է պատմութեան մէջ իր անունը»: Ըստ անոր, Նեթանիահուի վարչակազմի յայտարարութիւնները յոյս չեն ձգեր, որ Կազայի մէջ մարդասիրական զինադադարը պիտի վերածուի մնայուն զինադադարի: