ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Նոյեան Տապան».- Երէկ, Յունիս 28ին, խորհրդարանի քննարկման ներկայացուեցաւ հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի մասին եւ պետական տուրքի մասին օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրինագիծը:
Հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի մասին օրէնքի առնչութեամբ կ’առաջարկուի հանրային հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի ընկերութեան կողմէ օգտագործուող յաճախականութիւններով արգիլել այլ հեռարձակող կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը, իսկ օտարերկրեայ լրատուամիջոցի ազգային խմբագրութեան կամ ծառայութեան հաղորդաշարի հաղորդումներու իւրաքանչիւր թողարկան համար հեռարձակող ընկերութիւնէն գանձել պետական 70 հազար դրամ տուրք:
Արդարադատութեան նախարար Գէորգ Դանիէլեանը նախագիծը ներկայացնելու ժամանակ նշեց, որ հանրային հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի ընկերութիւնը յատուկ կարգավիճակ ունի եւ կը գործէ առանց արտօնագիրի, այսինքն՝ այս ընկերութիւնը բացառութեան կարգով չի մասնակցիր այն մրցոյթներուն, որոնց կը մասնակցին հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի միւս ընկերութիւնները:
Ըստ նախագիծին, հանրային հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի ընկերութեան խորհուրդին իրաւասութիւն պէտք չէ վերապահուի մէկ այլ օտարերկրեայ հեռատեսիլի կամ ձայնասփիւռի ընկերութեան տրամադրել իր յաճախականութիւնը, քանի որ հեռարձակման ոլորտին մէջ կը խախտուի մրցակցութեան սկզբունքը:
Նախարար Դանիէլեան ի պատասխան պատգամաւորներու հարցերուն՝ նշեց, որ օրինագիծը միայն «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին չի վերաբերիր, այլ կան օտարերկրեայ հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի երեք ընկերութիւններ, որոնք կ’օգտուին հանրային հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի կայաններէն:
Նախագիծի վերաբերեալ քննարկումները պիտի շարունակուին: