Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր 17 Նոյեմբերին յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն կը վերահաստատէ, որ պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններուն։ Ան այս հաստատումը կատարեց` արձագանգելով Պաքուի 16 Նոյեմբերի յայտարարութեան, ըստ որուն, ատրպէյճանական կողմը հրաժարեցաւ 20 Նոյեմբերին, Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած արտաքին գործոց նախարարներու Հայաստան-Ատրպէյճան հանդիպումէն` Միացեալ Նահանգները «կողմնակալ» նկատելով։
«Մենք կը շարունակենք աջակցիլ խաղաղ բանակցութիւններուն՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հարցերը լուծելու համար։ Մենք կողմերը կը խրախուսենք ներգրաւուելու այդ բանակցութիւններուն մէջ, անկախ այն բանէն, թէ անոնք հոս պիտի ըլլան, թէ՝ այլ վայրի մը մէջ. ասիկա պիտի շարունակէ մնալ մեր քաղաքականութիւնը», շեշտեց Միլլըր։
Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Պաքու կը հրաժարի Ուաշինկթընի մէջ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն՝ «Միացեալ Նահանգներու միակողմանի մօտեցում»ին պատճառով, որ, ըստ Պաքուի, կրնայ պատճառ դառնալ, որ Միացեալ Նահանգները կորսնցնէ միջնորդի իր դերը։