Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քուին միացաւ Տաւուշի մարզին մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան պարեկութեան։ Այս մասին փոխանցուեցաւ առաքելութեան «Էքս»ի էջին վրայ` նաեւ լուսանկարներ հրապարակելով:
Այցելութիւնը, ըստ գրառման, տեղի ունեցաւ Իջեւանի գրասենեակին աջակցութեամբ:
Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը իր տեղակայումէն ի վեր, առաւել քան 1000 պարեկութիւններ կատարած է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ: Առաքելութիւնը իր գործառոյթները կ՛իրականացնէ Կապանի, Գորիսի, Ջերմուկի, Մարտունիի, Իջեւանի ու Եղէգնաձորի գրասենեակներէն:
