Պաքուի մէջ, ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Փիա Քաումայի հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ դարձեալ Երեւանը քննադատեց՝ մեղադրելով 9 Նոյեմբեր 2020ին ստորագրուած յայտարարութիւններէն բխող պարտաւորութիւնները «չկատարելու» յանցանքով:
«Հայաստան ոչ միայն դուրս չբերաւ իր զինուած ուժերը Ղարաբաղէն, այլ միտումնաւոր կերպով օգտագործեց այդ տարածքը ռազմական սարքեր, զինուած ուժերու անձնակազմ եւ ականներ տեղափոխելու համար», ըսաւ Ալիեւ:
Ան նաեւ Երեւանը մեղադրեց «Արեւելեան Զանգեզուրի եւ Նախիջեւանի միջեւ կապ ստեղծելու պարտաւորութիւնը» չկատարելու համար՝ նշելով՝ «այդ հարցերը արդէն անցեալի մէջ մնացին»:
Ընդգծելով, որ Պաքու «յստակ եւ թափանցիկ ծրագիր ներկայացուցած է՝ վերադարձի եւ համակեցութեան իրաւունքին ուղղութեամբ»՝ Ալիեւ շեշտեց, որ «Հայաստան կը մերժէ ատրպէյճանցիներուն՝ Հայաստան վերադառնալու իրաւունքը եւ որեւէ տեսակէտ չի ներկայացներ այդ գծով»:
Քննադատութիւններուն զուգահեռ Ալիեւ ըսաւ, որ Ատրպէյճան կ՛աջակցի Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան, Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան կողմնակից է, կ՛աջակցի տարածաշրջանային խաղաղութեան օրակարգին եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման:
Ընդգծելով, որ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ արդէն ի յայտ եկած են նոր իրողութիւններ՝ Ատրպէյճանի նախագահը նշեց, թէ շրջանի վերջին իրադարձութիւնները «պէտք է դիտարկել Ատրպէյճանի դէմ Հայաստանի գրեթէ 30 տարիներու բռնագրաւման եւ ռազմական յարձակումներու պարունակին մէջ»:
«Առանց այս բռնագրաւման եւ յարձակումներու հետեւանքները նկատի ունենալու, սխալ պիտի ըլլայ տարածաշրջանի ապագային վերաբերեալ տեսակէտներ դիտարկել», յայտարարեց Ալիեւ: