44օրեայ պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող Ազգային ժողովի քննիչ յանձնաժողովը 13 Նոյեմբերին, գրաւոր նամակ ուղարկեց Արցախի վերջին նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանին: Այս մասին «Ազատութեան» փոխանցեց յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան:
Նախորդ շաբաթավերջին, Քոչարեան «Ազատութեան» ըսած էր, որ Շահրամանեանը կը հրաւիրեն 44օրեայ պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող խորհրդարանական յանձնաժողով՝ պարզաբանելով, որ անոնք կ՛ուզէին հրաւիրել Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, նաեւ պատերազմի օրերուն Արցախի պաշտպանութեան բանակը ղեկավարած Ջալալ Յարութիւնեանը, բայց Արցախի նախկին նախագահը կը գտնուի Պաքուի մէջ բանտը, իսկ պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատարին պարագային «խոչընդոտը նրա քրէական գործն է»:
Քոչարեան նշեց, որ քննարկած եւ որոշած են Ջալալ Յարութիւնեանի եւ Արայիկ Յարութիւնեանի փոխարէն շարք մը հարցերու պատասխաններ ստանալ Արցախի վերջին նախագահէն:
«Մեր այն հատուածը՝ կապուած պետական դաւաճանութեան, դիվերսանտների (ներթափանցողներու) եւ նրանց գոյութեան մասին, նաեւ պատերազմի մինչեւ սկսուելը տեղեկատուութեան հետ կապուած հարցերի պատասխանները մենք, բնականաբար, կ՛ուզէինք լսել պարոն Շահրամանեանից», ըսաւ Քոչարեան: