

– ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀԱՐԻՒՐ ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐՈՎ
– ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ՝ «ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱՍՊԵՏ» ՇՔԱՆՇԱՆԱԿԻՐՆԵՐ
Ուրբաթ, 3 Նոյեմբերի երեկոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան նախագահեց Վ. եւ Ա. Շամլեան Ազգային վարժարանի յատուկ յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած հանգանակային ընդունելութեան, որ տեղի ունեցաւ Միշըն Հիլզի «Լենտմարք» սրահին մէջ:
Ձեռնարկին ներկայ եղան Ազգային վարչութիւնը, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչը եւ քահանայ հայրեր ու Հոգաբարձութիւնը, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնը, Շամլեան Ազգային վարժարանի հիմնադիր Անոյշ Շամլեան եւ ընտանեկան պարագաները, նոր կանգնեցուելիք մանկամսուրի բարերարուհի Հիլտա Պաղտասարեան եւ զաւակները՝ Փիթըր եւ Գեւիկ իրենց ընտանիքներով, Շամլեան վարժարանի մեծ ընտանիքը՝ տնօրէնութիւն, Ուսումնական մարմին, Ուսուցչական կազմ, Կազմակերպիչ եւ Ծնողական յանձնախումբեր, վարժարանի զանազան ծրագիրներու զօրակից հին եւ նոր բարերարներ, բարեկամներ եւ համակիրներու մեծ շրջանակ մը, որոնց բոլորին միացեալ ջանքերով նոյն երեկոյ հանգանակուեցաւ առաւել քան մէկ միլիոն տոլար:
Առաջնորդ սրբազանի բացման աղօթքով սկիզբ առաւ ընդունելութիւնը, որուն ընթացքին օրուան հանդիսավար Գեւ Օրգեան քայլ առ քայլ իրականացուց օրուան ծրագիրը, վարժարանի Ուսումնական մարմինի ատենապետ Արթին Ղազարեան եւ տնօրէնուհի դոկտ. Թալին Քարկոտորեան յայտնեցին երախտագիտական խօսք` ուղղուած առաջնորդ սրբազանին եւ Ազգային վարչութեան, կամաւորներու փաղանգին, մեծ ու փոքր գումարներով դպրոցը կանգուն պահող նուիրատու բարերարներուն, միաժամանակ նշելով, որ շուտով գործելու սկսող Յակոբ եւ Հիլտա Պաղտասարեան մանկամսուրի գաղափարը առաջնորդին ռահվիրայ մտածողութեան արդիւնքն է, մինչ իրագործողներն են վարժարանի մարզասրահի բարերար Յակոբ եւ Հիլտա Պաղտասարեան ամոլի երկու զաւակները՝ Փիթըր եւ Ռուպի, Գեւիկ եւ Փաուլա Պաղտասարեանները, որոնց իշխանական նոր նուիրատուութեամբ իրականութիւն կը դառնայ իրենց ծնողներուն անունը կրող մանկամսուրը:


Այնուհետեւ, տնօրէնուհի Քարկոտորեան խօսքը փոխանցեց սրբազանին, որ հրաւիրեց Պաղտասարեան եղբայրները՝ իրենց ընտանիքներով եւ Փիթըրին ու Գեւիկին լամբակներուն հանգչեցուց «Կիլիկեան Ասպետ»ի մէյ-մէկ շքանշան եւ յատուկ ասեղներով զարդարեց անոնց ազնուափայլ տիկիններուն կուրծքը, Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսի՝ այս առիթով յղած Կոնդակի ընթերցումէն ետք, զոր կատարեց Զարեհ վրդ. Սարգիսեան:
Թորգոմ եպս. Տօնոյեան իր արտասանած դրուատանքի խօսքով բարձր գնահատեց վարժարանի հիմնադիր բարերարները եւ նոր բարերարութիւններով վարժարանի թէ՛ տարածքը, թէ՛ մասնաբաժինները ընդարձակելու կամք ցուցաբերող նուիրատուները եւ բոլորը, որոնք կը հաւատան Ազգային առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող Հայ եկեղեցւոյ կարեւորութեան եւ ազգային դարբնոց-վարժարանի առաքելութեան ու կը շնորհեն լիաբուռն, եւ ուրախութեամբ յիշեց, որ նոյն վայրին մէջ արդէն գործել սկսած է Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցին, ազգային բարերար տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններու նուիրատուութեամբ:

Քրեսենթա հովիտի շրջանի ծաղկումը եւ բարգաւաճումը ո՛չ միայն հպարտութեամբ, այլեւ անպատմելի ցնծութեամբ լեցուց ներկաներուն սիրտերը յատկապէս այն պահուն, երբ առաջնորդին գլխաւորութեամբ, Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան, վարժարանի տնօրէնուհիին եւ Ուսումնական մարմինի ատենապետին յանձնեց Ազգային վարչութեան խոստացած հարիւր հազար տոլարի վճարագիրը՝ ի նպաստ մանկամսուրին:
Հուսկ, տեղի ունեցաւ նոր յաջողութիւններու մաղթանքներով առլցուն մոմավառութիւնը՝ ձեռամբ առաջնորդ սրբազանին:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ