Երկուշաբթի օր, իսրայէլեան ուժերու վերջին մէկ ամսուան ընթացքին ծանրագոյն ռմբակոծումները թիրախ դարձուցին պաշարուած Կազան, ուր սպաննուած պաղեստինցիներուն թիւը 10,000ի սահմանը անցաւ, ներառեալ՝ առաւել քան 4000 մանուկներ։
Նոյն օրը, Իրանի նախագահ Էպրահիմ Ռայիսի Իսրայէլին աջակցող բոլոր երկիրները անուանեց պաղեստինցիներու դէմ կատարուող պատերազմական յանցագործութիւններու մեղսակից։
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն անակնկալ այցելութեամբ մը Կիրակի օր հասաւ Ռամալլա, ուր մէկ ժամ տեւած հանդիպում մը ունեցաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ:
Ապպաս ըսաւ, որ Կազայի մէջ պէտք է անյապաղ զինադադար հաստատուի եւ թոյլատրուի մարդասիրական օգնութեան մուտքը:
Պլինքըն Շաբաթ օր Յորդանանի մէջ հանդիպում ունեցած էր Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին եւ շրջանի արաբական երկիրներու ներկայացուցիչներու հետ, իսկ Ուրբաթ օր՝ Թել Աւիւի մէջ բանակցութիւններ վարած էր Իսրայէլի իշխանութիւններուն հետ:
Միւս կողմէ, հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ փոխադարձ բախումները շարունակուեցան շաբաթավերջին: