
2-7 Հոկտեմբերին, Հայաստանի մէջ գումարուած ՀՄԸՄի Պատգամաւորական 13րդ Ընդհանուր ժողովը իր ընկալեալ օրակարգին կողքին, կարեւորութեամբ քննեց Արցախը ՀՄԸՄի աշխատանքներուն մէջ մնայուն ներկայութիւն դարձնելու հրամայականը եւ որոշեց.
Ա. ՊԱՀՊԱՆԵԼ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇԵՐԸ
ՀՄԸՄը ազգային արժէքներու եւ խորհրդանիշերու աւանդապահ միութիւն է։ Եռագոյն դրօշը, 1918ի Հանրապետութեան զինանշանը, փառերգը եւ անկախութեան խորհուրդը անիկա պահպանած է 70 տարիներ, երբ Հայաստան կորսնցուցած էր իր անկախութիւնը։ Այսօր, երբ դէմ յանդիման կը գտնուինք Արցախի Հանրապետութեան կորուստի իրականութեան դիմաց, ՀՄԸՄը իր պարտքը եւ պարտաւորութիւնը կը նկատէ տէր կանգնիլ ու պահպանել Արցախի Հանրապետութեան խորհրդանիշերը՝ այդ խորհրդանիշերուն ընդմէջէն վառ պահելու համար Արցախի վերատիրացման խորհուրդը։ Առ այդ, Պատգամաւորական ժողովը առաջադրեց՝
1) ՀՄԸՄի բոլոր ակումբներուն մէջ այսուհետեւ Եռագոյնի կողքին պատուել Արցախի Հանրապետութեան դրօշը։
2) ՀՄԸՄի հրապարակային թէ բոլոր ներքին հանդիսութիւններուն, սկաուտական հաւաքներուն եւ մարզական հանդիպումներուն ծածանել նաեւ Արցախի դրօշը։
3) ՀՄԸՄի աշխարհասփիւռ մարզական խումբերը եւ սկաուտական միաւորները իրենց տարազներուն վրայ կրեն Արցախը խորհրդանշող «պաճ»եր։
4) ՀՄԸՄի դաստիարակչական-քարոզչական ծրագիրներուն մէջ հիմնական եւ մնայուն տեղ տրամադրել Արցախին։
Բ. ՀԱՍՏԱՏԵԼ «ՀՄԸՄ ԱՐՑԱԽ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»Ը
«ՀՄԸՄի Արցախ հիմնադրամ»ը պիտի հոգայ Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու կենցաղային անմիջական կարիքները։
Հիմնադրամին եկամուտները պիտի գոյանան.
– ՀՄԸՄի մասնաճիւղերու եւ շրջաններու տարեկան ձեռնարկներու հասոյթներու որոշ տոկոսէն։
– ՀՄԸՄականներու անդամատուրքերուն վրայ այս նպատակին համար կատարուած յաւելումներէն։
– ՀՄԸՄի համակիր շրջանակին մէջ կատարուելիք ժողովրդային հանգանականութիւններէն։
Գ. ՄՇԱԿԵԼ ԱՐՑԱԽԷՆ ԲՌՆԻ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ
ՀՄԸՄը յատուկ ուշադրութեան պիտի արժանացնէ Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու փոքրիկները՝ անոնց համար մշակելով դաստիարակչական-սկաուտական յատուկ ծրագիրներ, ինչպէս միութիւնը իր հիմնադրութեան օրերուն կատարած էր Արեւմտահայաստանէն Պոլիս ապաստանած գաղթականներու զաւակներուն եւ որբերուն։
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ