Եւրոպական խորհուրդի Տեղական եւ տարածքային իշխանութիւններու քոնկրեսը հրատապ քննարկում մը կատարեց Արցախի հարցով եւ հռչակագիր մը ընդունեց: Այս մասին կը յայտնէ Եւրոպական խորհուրդին մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութիւնը՝ «Էքս»ի վրայ կատարած իր գրառումով:
Ըստ այդ հաղորդագրութեան՝ Եւրոպական խորհուրի Տեղական եւ տարածքային իշխանութիւններու քոնկրեսը խստօրէն դատապարտեց Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւնը, ափսոսանք յայտնեց մարդասիրական հետեւանքներուն համար եւ կոչ ուղղեց Ատրպէյճանին՝ ազատ արձակելու Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր ներկայացուցիչները:
Ըստ Եւրոպական խորհուրի կայքին մէջ հրապարակուած նախագիծին՝ քոնկրեսը խստօրէն դատապարտեց Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր նախորդած տասնամսեայ շրջափակումը:
Ըստ նախագիծին՝ քոնկրեսը կը ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, սակայն խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակին վերաբերեալ եւ կ՛ողջունէ Հայաստանի իշխանութիւններուն ջանքերը՝ արձագանգելու Արցախէն տեղահանուածներու կարիքներուն:
Եւրոպական խորհուրի Տեղական եւ տարածքային իշխանութիւններու քոնկրեսը կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանին՝ ձեռնպահ մնալու որեւէ գործողութենէ, որ կրնայ պատճառ դառնալ իրավիճակի հետագայ վատթարացման, ինչպէս նաեւ կը յորդորէ ազատ արձակել Ղարաբաղի բոլոր ներկայացուցիչները, որոնց կարգին՝ պաշտօնեաները:
Ըստ նշեալ հրապարակման՝ քոնկրեսը «կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն ապահովելու մարդասիրական օգնութեան անարգել առաքումը այդ շրջանին մէջ մնացածներուն, նաեւ՝ Լաչինի միջանցքի ամբողջական վերաբացման միջոցով»: