ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

Հոկտեմբեր 7ն նոր թուական մըն է արաբ-իսրայէլեան աւելի քան 75 տարուան հակամարտութեան պատմութեան մէջ։
Հոկտեմբեր 7ի «Աքսայի Ջրհեղեղը» դեռ երկար ժամանակ պիտի մնայ յիշողութեան մէջ հրեաներուն, ըլլան անոնք քաղաքական ղեկավարներ, զինուորական պատասխանատուներ թէ պարզ քաղաքացիներ։ Պիտի մնայ որպէս ամօթի եւ դառն պարտութեան սեւ օր մը Իսրայէլի պատմութեան մէջ։
Փոքրիկ Կազան (շուրջ 350 քառ. քլմ. տարածութեամբ, Երեւանէն մօտաւորապէս մէկուկէս անգամ աւելի մեծ) իր աւելի քան 2 միլիոն բնակչութեամբ, հակառակ ցամաքէն, օդէն եւ ծովէն պաշարուած ըլլալուն, ոչ միայն դիմեց ինքնապաշտպանութեան, այլ նաեւ նախայարձակ եղաւ, անակնկալի բերելով Միջին Արեւելքի կարծեցեալ ամէնէն հզօր բանակը, հրէական առասպելի կարգ անցած գաղտնի սպասարկութիւնները եւ ամբողջ աշխարհը։
Արդէն աւելի քան տասը օր է շարունակուող պատերազմը նեղ կացութեան մատնած է իսրայէլեան պետութիւնը։ Հակառակ Իսրայէլի կողմէ Կազայի անմարդկային ռմբակոծումին, անոր ամբողջական պաշարումին, պաղեստինցիք կը մնան անդրդուելի։ Ի հեճուկս «Համաս»ի դէմ տարուող հակաքարոզչութեան եւ ապատեղեկատուական արշաւին, պաղեստինցի հասարակ քաղաքացին հաւատարիմ է իր հողին, հայրենիքին, պայքարին եւ պատրաստ ամէն ինչ զոհաբերելու։
Պաղեստին-իսրայէլեան նորագոյն հակամարտութիւնը, որ ծնունդ առաւ իսրայէլեան պետութեան ստեղծումով՝ 1948ին, տարբեր փուլեր ապրեցաւ պատերազմներու, զինեալ գործողութիւններու, ահաբեկումներու եւ խաղաղութեան բանակցութիւններու ճամբով։ Հակառակ արեւմտեան երկիրներու բացարձակ աջակցութեան, Իսրայէլ չյաջողեցաւ իր ամբողջական պայմանները պարտադրել պաղեստինցիներուն։ Պաղեստինեան դիմադրութիւնը ապրեցաւ տարբեր հանգրուաններ, զինեալ գործողութիւններէն մինչեւ «քարերու պատերազմը» եւ ամբողջական պատերազմ եւ Կազայի յաջորդական պատերազմները (2008, 2014, 2019)։ Ճիշդ է որ ամբողջ այս ժամանակաշրջանին պաղեստինցի ղեկավարներ ունեցան թերութիւններ, պաղեստինեան դատը արձանագրեց ընկրկումներ եւ նահանջներ եւ պարտութիւններ, սակայն հակառակ այդ բոլորին, պաղեստինցի ժողովուրդը, որպէս իրաւատէր եւ պայքարող, մնաց անյողդողդ եւ անկոտրում։ Հազարաւոր անմեղ զոհերը, քանդումն ու աւերածութիւնը, տնտեսական եւ ընկերային անտանելի եւ անպատմելի պայմանները չընկճեցին զիրենք։ Մինչեւ անգամ երբ բոլորին կողմէ լքուած եւ դաւաճանուած կը համարուէին եւ ուժերու հաւասարակշռութիւնը ի նպաստ հրէական պետութեան էր, անոնք դիմեցին «քարերու պատերազմ»ին, որ շշմեցուց իսրայէլեան պետութիւնը եւ համաշխարհային հանրային կարծիքը։
7 Հոկտեմբերին «Համաս»ի զինեալներուն ձեռնարկած պատերազմը բնական շարունակութիւն է տարիներէ ի վեր պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ գործադրուող բռնաճնշումներուն։ Միամիտ պէտք է ըլլալ մտածելու, թէ «Համաս»ը իր այս գործողութեան հետեւանքները չէր հաշուարկած։ Այսօր Իսրայէլի կողմէ գործադրուելիք տարբեր գործողութիւններու մասին կը խօսուի, որոնցմէ ամէնէն աւելին՝ ցամաքային գործողութեամբ գրաւել Կազան եւ ժողովուրդը տեղահանել Սինա։ Տեսականօրէն իրականանալի՝ բայց գործնականօրէն գրեթէ անհնար ծրագիր մըն է, որուն մասին կը խօսին իսրայէլացիք։
Փակագիծ մը բանալով վերադառնանք անցեալ։ 1982ին, երբ իսրայէլեան բանակը պաշարեց Պէյրութը, օրուան պաշտպանութեան նախարար Արիէլ Շարոն որոշած է գրաւել Լիբանանի մայրաքաղաքը, ուր ամրացած էին «Ֆաթհ»ի կռուողները։ Իսրայէլացի բարձրաստիճան զինուորականներ համամիտ չեն եղած Պէյրութի գրաւումին։ Ըստ այդ զինուորականներուն, Պէյրութը ունէր 10,000է աւելի շէնք եւ շինութիւն եւ եթէ իւրաքանչիւր գրաւումին իսրայէլեան բանակը պիտի մէկ զոհ տար, ապա ամբողջ մայրաքաղաքին համար՝ 10,000 զոհ պիտի տրուէր։ Սակայն իսրայէլեան բանակը հոգեբանօրէն ի վիճակի չէր նման մեծ կորուստներու։ Նոյնն է պարագան այսօր։ Նոյնիսկ եթէ «Համաս»ը անհամեմատ քիչ կռուողներ ունի քան անցեալի «Ֆաթհ»ը, ապա Կազայի պաղեստինցի ժողովուրդը (աւելի քան 2,200,000) կրնայ համակ բանակի վերածուիլ եւ Կազան դարձնել իսրայէլեան բանակի գերեզմանին։
Ինչ զարգացումներ ալ ապրի այս պատերազմը, պաղեստինցիները ամրօրէն կառչած պիտի մնան իրենց հողին։ Անոնց զոհաբերութեան եւ դիմադրողականութեան ոգին շատ աւելի բարձր է քան բոլոր զէնքերն ու ոճիրները, որոնք կը գործուին իր դէմ։
Պաղեստինցիներու այս յանդուգն գործողութիւնը պատասխան մըն է նաեւ մեծ պետութիւններու կողմէ տասնամեակներէ ի վեր պաղեստինեան արդար դատին անտեսումին։ Անտառի օրէնքը, որ գործադրելի է պետութիւններու կողմէ թոյլերու հանդէպ, միակ հնարաւոր ելքն է ոտնակոխուած իրաւունքներու ձեռքբերման համար։ Այս է պաղեստինցիներուն պատգամը համայն մարդկութեան։
Զուգահեռներ գծելով պաղեստինցիներուն եւ մեր միջեւ, պէտք է ընդգծել որ երկու ժողովուրդներն ալ իրենց հայրենիքի մէջ գոյութենական սպառնալիք կը դիմագրաւեն։ Պատահական չէ նաեւ, որ հայութեան զոյգ հարեւան-թշնամիները՝ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը, Իսրայէլի դաշնակիցներ են, թէեւ այսօր կը փորձեն կրօնական պիտակին տակ ձեւականօրէն պաշտպան կանգնիլ պաղեստինեան դատին։
Սեպտեմբեր 19ին Արցախի դէմ Ատրպէյճանի ձեռնարկած պատերազմը եւ անոր հետեւած ցեղասպանական արարքը (բռնի տեղահանութիւն), նախերգանքը կրնան ըլլալ պաղեստինցիներու դէմ գործադրուելիք բռնի տեղահանութեան։ Նման ծրագիրի մը ձախողումը կրնայ չնչին յոյսեր տալ արցախահայութեան վերադարձին իր պատմական հայրենիքը՝ միջազգային երաշխիքներով։
Դժբախտաբար, Հայաստանի անկախութենէն ետք մեզի պակսեցաւ իսրայէլեան պետութեան կազմակերպուածութիւնը եւ պաղեստինցի ժողովուրդին աննահանջ կերպով պայքարելու ոգին։