Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 12 Նոյեմբերի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի «Օմնի» պանդոկին մէջ, կազմակերպութեան հեղինակաւոր «Վահան Քարտաշեան» մրցանակը պիտի շնորհուի վաստակաւոր գործիչ Մայքըլ Մահտեսեանին՝ մեծարելու համար Հայ Դատի ջատագովման եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան ոլորտներին մէջ անոր իրագործումները։
Արցախի հայաթափումին լոյսին տակ, քննարկուեցաւ Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկը ջնջելու հաւանականութեան մասին, սակայն որոշուեցաւ տեղի չտալ հայութիւնը ընկճելու՝ Պաքուի եւ Անգարայի շարունակական փորձերուն, եւ ձեռնարկը իրականացնել՝ յիշելով անցեալ տարուան ձեռնարկին մեծարուած, իսկ այժմ Պաքուի բանտերէն մէկուն մէջ ապօրինի կերպով բանտարկուած Արցախի այդ օրերու արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի ոգեշնչող պատգամները։ Նաեւ որոշուեցաւ ձեռնարկին հասոյթէն մաս մը յատկացնել Արցախի ցեղասպանութենէն վերապրողներուն։
20րդ դարու սկիզբը, Ուաշինկթընի մէջ Հայ Դատը ջատագոված Վահան Քարտաշեանի օրինակով, նուիրեալ գործիչ Մահտեսեան գործօն մասնակցութիւնը բերած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրութեան մէջ եւ շարունակաբար եղած է անոնց արժէքաւոր խորհրդականը։
Մահտեսեան մասնագիտացած է քաղաքային ծրագրումի եւ միջազգային տնտեսական զարգացման ճիւղին մէջ, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ, որմէ ետք մասնակցած է շարք մը նահանգային եւ դաշնակցային ընտրապայքարներու կազմակերպական աշխատանքներուն, նպաստելով Քալիֆորնիոյ քաղաքացիներու տարրական իրաւունքները պաշտպանելու ջանքերուն։
Այս տարիներուն էր, որ ան նետուեցաւ Հայ Դատի աշխատանքին մէջ, հայութեան ձայնը հասցնելու համար տեղական, նահանգային եւ դաշնակցային իշխանութիւններուն։
Ան տնօրէնն է Լոս Անճելըսի «Սերվիքոն» ընկերութեան, որ մեծարուած է կենսոլորտին նուազագոյն վնաս պատճառող ձեւերով մաքրութիւններ իրականացնելուն համար։ Նշենք, որ «Սերվիքոն»ը մաքրութեան սպասարկութիւններ կը տրամադրէ անջրպետագնացութեան, առողջապահութեան եւ այլ մարզերու ընկերութիւններու եւ պետական հաստատութիւններու։
1989ին, ան կազմակերպեց Հայաստանի երկրաշարժէն տուժած անձերու անմիջական օժանդակութիւն հասցնելու աշխատանքը, նոր կապեր հաստատելով ամերիկեան գործադիր իշխանութիւններուն հետ, որմէ ետք ան նախագահ Պիլ Քլինթընի կողմէ նշանակուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման հիմնարկութեան (USAID) գրասենեակի պետի տեղակալը, մասնակցելով աշխարհի տարածքին իրագործուած բարեսիրական ծրագիրներու։
2001ին ան նշանակուած է Լոս Անճելըսի Ծրագրումի յանձնաժողովի անդամ, իսկ «Քովիտ» համաճարակին ընթացքին անոր հիմնած ServiconCares-ը յատկանշական օժանդակութիւններ տրամադրեց Հարաւային Քալիֆորնիոյ կարիքաւորներուն։
Յուլիսին, Մահտեսեան Քալիֆորնիոյ նահանգային իշխանութիւններուն կողմէ մեծարուեցաւ իր բարեսիրական աշխատանքներուն համար։
«Հպարտութեամբ կը մեծարենք Հայկական Հարցը ջատագոված եւ Ամերիկայի մէջ ու անկէ դուրս մարդասիրական ծրագիրներ իրագործած Մայքըլ Մահտեսեանը, որ հանրային քաղաքականութեան մարզին մէջ իր ապահոված փորձառութեամբ օրինակ հանդիսացած է շատերուն», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան՝ աւելցնելով, որ ան կենսական աշխատանք տարած է հայութեան ձայնը քաղաքական շրջանակներուն հասցնելու կարեւոր գործին մէջ։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին տոմսեր ապահովելու համար այցելել կայքէջը։