Անցնող շաբթուան ընթացքին, տասնեակ հազարաւոր հայեր, Լեռնային Ղարաբաղէն սկսող երկար եւ տաժանագին ուղեւորութենէ մը ետք, վերջապէս կը հասնէին Հայաստանի հարաւային Գորիսի շրջանը, ուրկէ անոնք պիտի շարունակէին իրենց ճամբան հայրենիքի մէջ դէպի տարբեր կեցավայրեր: Այստեղ, շուրջ մէկ տարուան ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով, անոնց կը մատակարարուէր թարմ եւ սննդարար ուտեստեղէն, ՀԲԸՄի նախաձեռնութեամբ, Համաշխարհային Կեդրոնական Խոհանոց (ՀԿԽ) միջազգային ոչ-կառավարական կազմակերպութեան հետ գործակցաբար: Ցարդ 15,000 ճաշաբաժիններ պատրաստուած եւ բաշխուած են, ի դէմս արագօրէն աճող կարիքներուն:
Լիբանանահայ յայտնի ճաշարանատէր Ալին Քամաքեան արդէն տեղւոյն վրայ ներկայ էր 29 Սեպտեմբերին, երբ ՀԿԽի կամաւորները հասան եւ իր աջակցութեամբ անմիջապէս ձեռնարկեցին աշխատանքի: Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, մարդասիրական օգնութեան իր աւելի քան հարիւրամեայ փորձառութեամբ, սերտօրէն կը գործակցի ՀԿԽին հետ եւ անգամ մը եւս պատրաստ է իր ամբողջական օժանդակութիւնը ցուցաբերելու հայութեան դիմագրաւած այս լայնածաւալ աղէտէն տուժած բազմահազար մեր հայրենակիցներուն:
«ՀԲԸՄը անյապաղ իր ուժերը կեդրոնացուցած է՝ օժանդակելու համար աւելի քան 100,000 բռնի տեղահանուած արցախահութեան, որ անցնող քանի մը օրերուն հասած է Հայաստան: Անոնք, իբրեւ արդիւնք Ատրպէյճանի վարած ցեղային զտման արշաւին, աւելի քան ինն ամիսներ ենթարկուած էին ամբողջական շրջափակման եւ սովահարութեան, տարրական կարիքներու ապահովման համար անհրաժեշտ միջոցներու բացակայութեան պատճառով: ՀԿԽի եւ Ալին Քամաքեանի հետ գործակցութիւնը, կարելի կը դարձնէ ուժերու կարեւոր եւ արդիւնաւոր համադրում», կը հաստատէ ՀԲԸՄի նախագահ Պերճ Սեդրակեան։
ՀԲԸՄը եւ ՀԿԽը համագործակցած էին նախապէս 2020ին, Պէյրութի պայթումին առիթով, երբ Քամաքեան եւ ՀԲԸՄը օգնութեան կազմակերպումի աշխատանքներուն իրենց մասնակցութեամբ՝ լայն փորձառութիւն ձեռք բերին շաբաթներ եւ ամիսներ շարունակ, աղէտեալներու ուտելիքի կարիքները հոգալով: Այդ փորձառութիւնը անոնք ի գործ կը դնեն ներկայիս, տեղահանեալներու հոսքը դիմագրաւելու ճիգին:
Անցեալ շաբաթ, Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան ապաստանող հայերու առաջին հոսքին ընդառաջ, Քամաքեան արդէն իսկ Հայաստան հասած էր եւ ՀԲԸՄի գրասենեակին եւ կամաւորներուն հետ համատեղ ձեռնարկած օգնութեան աշխատանքներու կազմակերպումին, Ատրպէյճանի սահմանակից Սիւնիքի շրջանին մէջ: Անոնք անմիջապէս հանգուցակէտեր հաստատեցին մօտակայ Սիսեանի եւ Իշխանասարի մէջ: Այլ կեդրոն մը եւս հաստատուեցաւ պատմական Վայոց Ցորի շրջանին մէջ, ուր տեղահանուածներէն շատեր կ՛ուղղուին, իբրեւ վերաբնակեցումի երկրորդ հանգրուան: Շաբաթ օր արդէն նոր կեդրոններ կը գործէին Արարատի, Մասիսի եւ Երեւանի շրջաններուն մէջ, մինչ տեղահանեալները կը տարածուէին դէպի Հայաստանի հիւսիսային, արեւելեան եւ արեւմտեան շրջանները: Գալով Գորիսին, հոն բաշխումի աշխատանքները ուղղուած են տեղական պանդոկներու, հիւանդանոցներու եւ դպրոցներու, ուր ապաստանած են տեղահանեալները:
Բոլոր պարագաներու, ուտեստեղէնի պատրաստութիւնը կը կատարուի տեղական ճաշարաններու մէջ, տեղական արտադրանքներով եւ բաղադրատոմսերով: Ի դէպ, շարք մը տեղական ճաշարաններու սեփականատէրերը ատենին մասնակցողներ են ՀԲԸՄի Կանանց հզօրացման ծրագիրին, որուն նպատակն է՝ աջակցիլ Հայաստանի կանանց գործարարական ձիրքերու զարգացման:
«Այս տեղահանեալներէն շատեր, ներառեալ ծանր հիւանդներ եւ ծերեր, իրենց բնակավայրերէն ելած են հապճեպ, առանց նախապատրաստութեան, երկար ժամեր պարտադրուած ըլլալով սպասել ինքնաշարժներու շարասիւնի մէջ, նախքան Հայաստանի ապահով տարածք հասնիլը», կը բացատրէ Քամաքեան՝ աւելցնելով․ «Ակներեւ են ֆիզիքական, մտային եւ հոգեկան ճնշման հետեւանքները, որոնց մենք ծանօթ ենք նման աղէտներու պարագային, երբ աղէտի զոհերը ի վիճակի չեն հոգալու իրենց կարիքները: Նման պարագաներու, հոգածու, ազնիւ եւ արժանապատիւ վերաբերումը, տաք եւ սննդարար ճաշի մատակարարումին առընթեր, համոզուած եմ, որ սփոփարար դեր կը կատարէ անոնց համար, իրենց կեանքերը վերակազմակերպելու այս առաջին անորոշ հանգրուանին»։
ՀԲԸՄին կողմէ տրամադրուած միջոցներուն եւ կամաւորներուն շնորհիւ, ՀԿԽը եւ Քամաքեան ժամանակ չկորսնցուցին անմիջապէս գործի ձեռնարկելու որպէսզի իրենց հմտութիւնը եւ փորձառութիւնը ի գործ դնեն տեղահանեալ մեր հայրենակիցներուն օգտակար հանդիսանալու ճիգին: Քամաքեան համոզուած է, որ մարդասիրական աջակցութիւնը մեծապէս օգտակար է անցումի այս հանգրուանին:
Սեդրակեան կը նշէ, թէ ՀԲԸՄը մեծապէս կը գնահատէ Քամաքեանի նախաձեռնութեան ոգին եւ հմտութիւնը ճաշի երկարատեւ մատկարարման գործին մէջ: «Իր ներկայութիւնը հոս, Հայաստանի մէջ ճակատագրական այս պահուն, օրինակելի է եւ վստահութիւն կը ներշնչէ: Մենք նաեւ խորապէս կը գնահատենք Համաշխարհային կեդրոնական խոհանոցի անձնակազմը, որ գիտակից աղէտի տարողութեան եւ անկէ բխող կարիքներուն՝ յաջողեցաւ անյապաղ եւ հետեւողական կերպով ուտելիք ապահովել տեղահանեալներուն, ներառեալ անոնց, որոնք հիւանդանոցներու մէջ են եւ կարիքը ունին շտապ օգնութեան»։
Տեղահանեալներու մարդասիական օգնութեան ուղղուած նուիրատուութիւնները կարելի է յղել ՀԲԸՄի Համընդհանուր մարդասիրական օգնութեան հիմնադրամին՝ agbu.org/Global-relief հասցէով:
(Թղթակցութիւնը՝ ՀԲԸՄէն)