Արցախի հայաթափման զուգահեռ, Կրանատայի բանակցութիւններուն ընդառաջ, Երեւան եւ Պաքու յայտնեցին, թէ յոյս ունին, որ խաղաղութեան համաձայնագիրը մօտալուտ է։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 29 Սեպտեմբերին յայտարարեց, որ նախորդ շաբաթուան ռազմական գործողութեամբ «Ատրպէյճան վերականգնեց ինքնիշխանութիւնը, ուրեմն արդէն կարելի է արագացնել փաստաթուղթի ստորագրութիւնը»։
5 Հոկտեմբերին, Ապանիոյ Կրանատա քաղաքին մէջ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի բանակցութիւնները պիտի կատարուին Արեւմուտքի միջնորդութեամբ. Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներուն հետ կլոր սեղանին շուրջ պիտի ըլլան նաեւ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարները:
Մոսկուա իր կարգին շտապեց յայտարարել, որ հակառակ անոր որ Արցախը իբրեւ պետութիւն լուծարուած է, խաղաղութեան պայմանագիրը տակաւին արդիական է:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Երեւանը քննադատող յայտարարութեան մը մէջ բացայայտօրէն դժգոհեցաւ, որ Արեւմուտքը կը փորձէ ռուսերը շրջանցելով՝ փաստաթուղթ ստորագրել:
Երեւան դրական ակնկալութիւններ ունի: Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան յոյս ունի, որ Կրանատայի մէջ մէկ քայլով յառաջընթաց կ՛արձանագրուի: «Հայաստանը վճռական աջակցում է վարչապետ Փաշինեանի եւ նախագահ Ալիեւի կողմից համաձայնեցուած եւ Եւրոպական խորհրդի նախագահ Շառլ Միշէլի կողմից ձեւակերպուած խաղաղութեան մօտեցմանը: Մենք ողջունում ենք ապագայ տրանսպորտային համաձայնագրերը, որոնք յարգում են ինքնիշխանութեան, իրաւասութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքները», նշեց Սիմենեան: