
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

1991ին, ժողովրդային հանրաքուէով Հայաստանը անկախացաւ։ Սեպտեմբեր 21ին տեղի ունեցած հանրաքուէին մասնակցեցան ընտրութեան իրաւունք ունեցողներու 95.4 առ հարիւրը եւ անկախութեան օգտին քուէարկեցին 94.39 առ հարիւրը։ Այսպիսիով, Սեպտեմբեր 21ը հռչակուեցաւ Հայաստանի անկախութեան օր։
Անկախութեան այս հանրաքուէն բնական արդիւնքն էր 1988էն յետոյ ծաւալած իրադարձութիւններուն, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ ընդհանրապէս նախկին Խորհրդային Միութեան մէջ։ Կորպաչովի իշխանութեան գալով սկսած էր կայսրութիւնը քայքայելու գործընթաց մը, որուն առաջին ծիծեռնակները հանդիսացան Ստեփանակերտի եւ ապա Երեւանի մէջ կատարուող մեծածաւալ ցոյցերը, որոնք կը պահանջէին Արցախի միացումը Հայաստանին։ 1920ականներու թուրք-ոուսական պայմանաւորուածութեան հետեւանքով, ռուսական համայնավար վարչակարգը Արցախը կցեց նորաստեղծ Ատրպէյճան պետութեան, անոր տալով ինքնավար մարզի կարգավիճակ։ 1988ին Արցախեան շարժման նպատակը այս պայմանաւորուածութիւնը քանդել էր եւ պատմանականօրէն հայկական հողը վերամիաւորել մայր հայրենիքին՝ Հայաստանին։
Դժբախտաբար Արցախը Հայաստանին միաւորելու ժողովրդային պահանջը այլափոխուեցաւ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Արցախի քաղաքական ղեկավարութեան կողմէ։ Միացումը վերածուեցաւ Անկախ Արցախի, որ նախորդեց Հայաստանի անկախութեան։ Իսկ Հայաստանի այդ օրուան իշխանութիւնները, որոնք Արցախի հարցի շահագործումով հասած էին իշխանութեան, դիմեցին անտրամաբանական եւ հայկական պետականութեան շահերուն հակասող քայլերու, որոնց հետեւանքներուն ականատես ենք այսօր։ Որո՞ւ թելադրանքով եղան այդ քայլերը, ո՞ր պետութեան շահերուն կը ծառայէր այդ օրերու մշակուած քաղաքականութիւնը, այսօր արդէն պարզ է։
Հայաստանի անկախացումէն միայն երեք ամիս ետք ստորագրուեցաւ Ալմա Աթայի հռչակագիրը, որ թէկուզ թուղթի վրայ բայց պահպանումն էր խորհրդային կայսրութեան եւ հետեւաբար նաեւ Արցախի օտարացումին՝ մայր հայրենիքէն։ Նոյնիսկ եթէ Հայաստանի այդ օրերու խորհրդարանը Արցախի մասով վերապահութիւն յայտնելով վաւերացուցած էր զայն, այդ վերապահումը միջազգային իրաւականօրէն ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնէր։ Այսօր ամբողջ աշխարհը, Ռուսիայէն մինչեւ Ատրպէյճան եւ արեւմտեան երկիրներ Հայաստանի դէմ կ՛օգտագործեն Ալմա Աթայի փաստաթուղթը, որով Հայաստանը կը ճանչնար Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը՝ հիմնուած խորհրդային վարչական տարածքներուն հիման վրայ։
Հայաստանի անկախացումով արդէն Արցախեան շարժումը մտաւ զինուորական փուլ։ Հայկական կողմը առաջին տարին հողային որոշ կորուստներ ունենալէ ետք, պատերազմը աւարտեց յաղթանակով… բայց այդ յաղթանակը եւս չամրագրուեցաւ եւ ըստ էութեան, այդ օրէն կը սկսի Արցախի պարտութիւնը։ Հայաստան եւ Արցախ որպէս պատերազմին յաղթական կողմ, բաւարարուեցան զինադադարով, յոյս դնելով հիւսիսի մեր «դաշնակից»ի միջնորդութեան, բանակցութիւններու ճամբով հասնելու Անկախ Արցախի ճանաչումին։
Ձեւականօրէն անկախանալու այս գործընթացը շարունակուեցաւ ամբողջ երեսուն տարի։ Ոչ տնտեսապէս, ոչ քաղաքականապէս եւ բնականաբար ոչ ալ զինուորապէս յաջողեցանք անկախ ըլլալ։ Աւելին, օր ըստ օրէ, Հայաստանի ապիկար իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան հետեւանքով աւելի եւ աւելի կախեալ դարձանք Ռուսիայէն, մինչեւ անգամ մեր ամբողջական անվտանգութիւնը վստահելով անոր։ «Գոյք՝ պարտքի դիմաց» սկզբունքով, Հայաստանի ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հաստատութիւնները տրուեցան Ռուսիոյ, միացանք ՀԱՊԿին եւ ԵԱՏՄին, Ռուսիոյ այն հաւաստիացումով, որ այդ կառոյցներուն միանալով Արցախի դէմ պատերազմը կը բացառուի։ Ոչ մէկ արեւմտեան կամ ոչ ռուսական պլոքի անդամ երկիրներէ տնտեսական լուրջ ներդրումներ չապահովուեցան։ Նոյնիսկ Արցախի անվտանգութիւնը ձգուեցաւ երեսի վրայ։ Չքաջալերուեցաւ հայրենադարձութիւնը, իսկ Արցախի ազատագրուած տարածքներուն վրայ վերաբնակեցման պետական ոչ մէկ յստակ քաղաքականութիւն, այլ թալանուեցան թէ այդ տարածքներու հարստութիւնները եւ երկիրի ընդերքը եւ քանի մը տասնեակ իշխանաւորներ հարստացան։ Փոխարէնը, քաջալերուեցաւ ամէն ինչ որ ապազգային է, անորակ է։ Մշակոյթ, կրթութիւն, գիտութիւն անտեսուեցան։ Հետեւանքը՝ Արցախեան 44օրեայ պատերազմը եւ մեր խայտառակ պարտութիւնը։
Սեպտեմբեր 19ին, ռուս խաղաղապահներու ներկայութեան (որոնց գործունէութիւնը այլեւս անհասկնալի է), Ատրպէյճան դարձեալ յարձակեցաւ Արցախի վրայ, որուն հետեւանքով, Ռուսիոյ կողմէ Արցախի նորանշանակ իշխանութիւնները Արցախը ամբողջութեամբ յանձնեցին Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանին։ Արդէն իսկ սկսած է Արցախի պարպումը եւ դարերով հայկական հողամաս եղած Արցախը մօտիկ ապագային կը դառնակ նոր Կարս, Վան կամ Նախիջեւան։
Արցախի ամբողջական կորուստով Հայաստանի գոյութիւնն ալ վտանգուած է։
Դարեր շարունակ անկախութեան համար պայքար մղած եւ անկախութիւն գերագոյն արժէք համարած հայը այսօր ընտրութեան առջեւ կանգնած է։ Կամ ենթարկուիլ ռուս-թրքական տանդէմի (լծակից զոյգի-Խմբ.) պայմաններուն եւ կորսնցնել անկախութիւնն ու պետականութիւնը, որուն պիտի յաջորդէ Հայաստան երկիրի վերջնական հայաթափումը եւ կամ ատամներով պիտի տէր կանգնինք մեր հայրենիքի այս փոքրիկ կտորին։ Իսկ հայրենիքի պաշտպանութիւնը իւրաքանչիւրիս պարտականութիւնն է, աշխարհի որ ծայրն ալ գտնուինք։ Ամէն ինչ պէտք է ընել Հայաստանի պետութեան հզօրացման համար։ Միմիայն զօրաւոր Հայաստանը կրնայ անկախ ըլլալ։ Զօրաւոր տնտեսապէս, զինուորապէս։ Ամէն ճիգ պէտք է թափել անխոցելի դարձնելու մեր երկիրը եւ այս աշխատանքը չի կատարուիր կենացներով, բաժակաճառերով եւ խօսքով։ Իւրաքանչիւր հայ այլեւս պէտք է գիտակցի, որ ուր ալ գտնուի, ինք հայկական բանակի զինուոր է եւ իր կատարած գործերը կը նպատակադրեն Հայաստանի անկախութեան պահպանման եւ պետականութեան հզօրացման։
Արցախի կորուստով Հայաստանի վերացումը եւս կրնայ իրականանալ։ Թշնամին՝ թուրքը հարիւր տարի է ի վեր նպատակաուղղուած կ՛աշխատի իր մեծ երազին հասնելու։ Անոր արգելք կրնանք ըլլալ Սարդարապատի ոգիով գործելով։
Ժամանակը թանկ է այլեւս։