Կիրակի օր Լիբանանի Մեթն շրջանի խորհրդարանական մասնակի ընտրութիւններէն ետք, ինչպէս նաեւ նոյն օրը երեկոյեան տեղական «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուած «Քալամ նաս» յայտագիրին ընթացքին Ամին Ժեմայէլի տուած մամլոյ ասուլիսին պատճառով ծագած բանավէճի լոյսին տակ, «Վանայ ձայն» ռատիոկայանի տնօրէն Արմէն Ապտալեան հարցազրոյց մը ունեցաւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ, որ նաեւ իր պատգամն ու գնահատանքի խօսքը ուղղեց Հ.Յ.Դաշնակցութեան համակիրներու բանակին։ Կու տանք աննշան յապաւումներով:
Յ. Բագրատունի ըսաւ. – Ողջոյնի խօսքս կ՚ուղղեմ մեր աննման ժողովուրդին, մեր սքանչելի երիտասարդներուն, տարեցներուն, տիկիներուն եւ օրիորդներուն, մեր պատանիներուն՝ Լիբանանի մէջ թէ անկէ դուրս, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք Կիրակի օր անգամ մը եւս փաստեցին, թէ լիբանանահայութեան կամքը ո՛չ ոք կրնայ խորտակել, թէ լիբանանահայութեան կամքը ազատ ու անկախ կամք է, թէ մեր ժողովուրդին պատմութենէն եկած ազատութեան ու անկախութեան ուժը եւ հաւատքը աւելի քան երբեք ամուր է լիբանանահայութեան մէջ, թէ մենք արժանաւոր զաւակներն ենք մեր պապերուն, որոնք մերժեցին ամէն տեսակի տառապանք, ճնշում, ջարդ, որպէսզի մնան ազատ հայեր, անկախ հայեր։ Ես դարձեալ կ՚ըսեմ. «Ես կը համբուրեմ ձեռքերը մեր բոլոր հայորդիներուն, որոնք Կիրակի օր եկան իրենց ազատ կամքով «այո՛ » ըսելու ազատ կամքի արտայայտութիւնը եղող Հ.Յ.Դաշնակցութեան որոշումին»։
Կիրակի օր, քուէարկութեան սնտուկներուն մէջ զետեղուած 10,089 հայկական քուէներէն ընդդիմադիրները ստացած են 2000 քուէի շուրջ։ Այս ժողովուրդը իր ութսուն առ հարիւր քուէով եկաւ «այո՛» ըսելու Հ.Յ.Դաշնակցութեան որոշումին։ Մենք հպարտ ենք մեր ժողովուրդով, մենք հպարտ ենք, որ ա՛յս ժողովուրդի ծնունդն ենք, եւ հպարտ ենք, որ այս ժողովուրդը մեզի առիթ տուած է, որ իր ծառայութեան լծուինք։ Պատի՛ւ մեր ժողովուրդին։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Իբրեւ պետական երեսփոխան Կիրակի օր շրջագայեցաք եւ ամբողջ օրը մօտէն հետեւեցաք Մեթնի մասնակի ընտրութիւններուն հոլովոյթին։ Ինչպիսի՞ տպաւորութիւններ կազմեցիք եւ այսօր ի՞նչ կ՚ըսէք այդ մասին. ըստ ձեզի ինչպէ՞ս ընթացան ընտրութիւնները, որոնց նախօրեակին քաղաքական լարուածութիւն ստեղծուեցաւ, փոխադարձ ամբաստանութիւններ, ցեխարձակումներ ուղղուեցան։ Այսօր այդ բոլորը մեր ետին են արդէն եւ մենք պէտք է արժեւորում մը կատարենք Կիրակի օրուան ընտրութիւններուն։ Անոնք ի՞նչ փաստեցին թէ՛ լիբանանեան քաղաքական իմաստով եւ թէ ներհայկական իմաստով, ինչպէս նաեւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան քաղաքական ուղեգիծին իմաստով։
Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ.- Փոքր միջադէպերէ բացի, Կիրակի օրուան ընտրութիւնները կարելի է որակել ազնիւ եւ ժողովրդավարական։ Մեթնի քաղաքացին եկաւ Մեթնի մէջ իր ազատ քուէն տալու եւ այդ մէկը մեծ յաղթանակ է Լիբանանի ժողովրդավարութեան համար, յատկապէս այս օրերուն, երբ ժողովրդավարութեան խախտման ընդհանուր իմաստով Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ յստակ, բնորոշ եւ բազում օրինակներ կան։ Մեթնի ընտրութիւնները անգամ մը եւս եկան փաստելու, որ Մեթնի քաղաքացին քաղաքակրթական այնպիսի մակարդակի վրայ կը գտնուի, որ իր խօսքը կրնայ ըսել ամենայն ճշգրտութեամբ, ամենայն ազատութեամբ, ամենայն պարկեշտութեամբ եւ արդարութեամբ։ Այս ընտրութիւնը եկաւ նաեւ ըսելու, որ զօր. Աունի եւ Միշէլ Մըրի հետ մեր դաշինքին վերաբերող բոլոր ըսի-ըսաւները անճիշդ ու անիրական են։ Փաստօրէն, Մեթնի ընտրողները եկան ըսելու, որ իրենք զօրավիգ կը կանգնին այդ դաշինքին եւ մեր թեկնածուին։ Հայկական առումով կարելի է ըսել, որ մեր ժողովուրդին քուէներով ընտրուեցաւ Քամիլ Խուրին. մեր ժողովուրդին միահամուռ կեցուածքը քաղաքական նոր էջ մը կը բանայ լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ՝ մեր դերակատարութեան ու արժէքին իմաստով։ Երկուշաբթի առաւօտուն արդէն տեղական պատկերասփիւռի կայաններէն յստակօրէն կ՚ըսուէր, որ ո՛չ ոք իրաւունք ունի շրջանցելու ա՛յս համայնքը, այս համայնքին մեծամասնութիւնը եւ ո՛չ ոք իրաւունք ունի այս համայնքին ներկայացուցչութիւնը խլելու։
Այս ընտրութիւններուն մենք եկանք անգամ մը եւս փաստելու, ինչպէս միշտ փաստած ենք, բայց թերեւս միշտ ալ չենք ըմբռնած, ինչպէս նաեւ լիբանանցի ժողովուրդը լաւապէս չէր ըմբռնած, բայց Կիրակի օր ըմբռնեց, որ մենք անքակտելի մէկ բաժինն ենք լիբանանեան հիւսուածքին, մենք անքակտելի հիմնական դերակատարներէն մէկն ենք լիբանանեան քաղաքական կեանքի անցուդարձերուն. իսկ այն որակումները, որոնք կ՚ուղղուէին մեր հասցէին, որ «հայ են, թող չմիջամտեն, երկրորդ կարգի քաղաքացիներ են», բոլորովին ոչնչացան, որովհետեւ, կը հաւատամ, թէ մեր ժողովուրդը եկաւ փաստելու, որ այդ բոլորը ստապատիր, շինծու տարաձայնութիւններ են. մենք հպարտ ենք մեր լիբանանցիութեամբ, հպարտ ենք մեր որոշումներով եւ հպարտ ենք, որ լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ կը ներկայացնենք չափաւորականութեան, երկխօսութեան ու խոհական կեցուածքներու ընտրանքները։
Հ.- Թերեւս կանուխ է վերլուծումներ կատարելու, սակայն ընդհանուր գիծերու մէջ՝ առ ի լուսաբանութիւն հայորդիներուն ըսենք, թէ ինչո՞ւ մերժուեցան Մեթնի մէջ համախոհութիւն գոյացնելու բոլոր ճիգերը։ Ինչո՞ւ անելի մատնուեցան մարոնի պատրիարքարանի, մեր կուսակցութեան, Փիեռ Տաքքաշի կամ Միշէլ Մըրի միջնորդութեան փորձերը, որոնք կը միտէին Մեթնի խնայել ցնցումները։
Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ.- Թերեւս մինչեւ Շաբաթ օր չէինք ուզեր ըսել, թէ ո՛վ է պատճառը այս միջնորդութիւններուն ձախողութեան, սակայն այսօր, երբ այլեւս ամէն ինչ յստակ է, հանգիստ կերպով կրնանք ըսել, որ Ամին Ժեմայէլը ի՛նք մերժեց միջնորդութիւնը։ Ան ըսաւ, որ ո՛չ մէկ ձեւով պատրաստ է իր աթոռը ուրիշին տալու, ան ըսաւ, թէ պատրաստ է հաշտութեան, սակայն զօր. Աուն պէտք է յետս կոչէ իր թեկնածուն եւ ինք միաձայնութեամբ ընտրուի։ Միջնորդութիւնն ու համախոհութիւնը կ՚ենթադրեն երկու կողմերէն զիջումներ։ Զօրավար Աուն պատրաստ էր զիջում կատարելու, եթէ զիջում կատարէր նաեւ Ամին Ժեմայէլ։ Իսկ քաղաքականութեան մէջ բարեսիրական միութեան աշխատանք չի կատարուիր, այլ մարդիկ կեցուածքներ կը փոխանակեն, մարդիկ փոխադարձ շահեր ունին։ Բնական է, որ եթէ զօր. Աուն զիջում պիտի կատարէր, ան պիտի պահանջէր, որ Ամին Ժեմայէլ եւս զիջում կատարէր։ Բայց բոլոր անոնք, որոնք ցարդ չեն ճանչնար Ամին Ժեմայէլը, ճանչցան զինք եւ գիտցան, թէ ան ի՛նչ կը փնտռէ, ի՛նչ են իր կեցուածքները եւ ո՛ւր կ՚ուզէ հասցնել այս երկիրը։ Թերեւս այս ծանօթացումը նաեւ օգտակար էր այն իմաստով, որ կարգ մը հայեր, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով զօրավիգ կը կանգնին Ամին Ժեմայէլի, լաւապէս գիտնան, թէ ինչո՛ւ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը նման ընտրանք կատարած է, անոնք նաեւ թող ծանօթանան այն վերաբերմունքին, զոր ան ունի հայութեան նկատմամբ, մանաւանդ երբ հեգնական ոճով կը խօսի հայկական ձայներուն, «հայկական կեթոյին» եւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան քուէներուն մասին։ Այդ վերաբերմունքը մենք չենք մոռնար, ճիշդ է, որ քաղաքականութեան մէջ երբեմն կը լռենք, ամէն մարդ կը լռէ, երբեմն կ՚ուզենք չյիշել, բայց վստահաբար եթէ մենք մոռնանք, մեր ժողովուրդը չի մոռնար։
Հ.- Հիմա մարոնի որոշ շրջանակներ ունին այն տպաւորութիւնը, որ հայ համայնքը՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան գլխաւորութեամբ, Մեթնի մարոնի աթոռին համար իր ընտրութիւնը կատարելով մարոնիներու իրաւունքը խլեց, խլեց այն իրաւունքը, որ իրենցն էր։ Այսինքն՝ մարոնիներուն մեծամասնութիւնը Մեթնի մէջ կ՚ուզէին Ամին Ժեմայէլը ընտրել, բայց մենք եկանք եւ յառաջացուցինք այնպիսի իրավիճակ մը, որուն իբրեւ արդիւնք Քամիլ Խուրի ընտրուեցաւ երեսփոխան։ Ասոր նախընթացը մենք տեսած ենք 2000ին։
Մենք ալ իբրեւ քաղաքականութեան մէջ վճռորոշ դերակատարութիւն ունեցող կուսակցութիւն պարզապէս դաշինք մը ստեղծեցինք զօր. Աունի հետ եւ ահա արդիւնքը: Նման մտայնութիւն մը արդէն երէկ դուք զգացիք «Քալամ նաս» յայտագիրին ընդմէջէն, ուղղակի արտայայտուեցան ձեզի, թէ ի՛նչ է ասոր բացատրութիւնը:
Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ.- Բարեբախտաբար ասիկա համատարած մտայնութիւն չէ մարոնի համայնքին մէջ: Բարեբախտաբար կ՚ըսեմ, որովհետեւ երէկ այդ յայտագիրին աւարտէն մինչեւ հիմա մեր կուսակցութեան ղեկավարութիւնը եւ ես անձնապէս հարիւրաւոր հեռաձայններ ստացանք թէ՛ մարոնի, թէ՛ ոչ մարոնի ղեկավարներու պատասխանատուներու կամ պարզ մարդոց կողմէ, քրիստոնեայ թէ իսլամ. բոլորն ալ զօրակցութիւն կը յայտնէին մեզի եւ կը դատապարտէին այն կեցուածքը, որ ցուցաբերուեցաւ երէկ: Ի՞նչ կը նշանակէ, որ մարոնին մարոնի պիտի ընտրէ: Եթէ ընտրական օրէնքը այդպէս ըլլայ, որ իւրաքանչիւր համայնք իր ներկայացուցիչը ընտրէ, թերեւս մենք առաջին ընդառաջողները կ՚ըլլանք այդ օրէնքին վաւերացման, իսկ եթէ նախագահ Ժեմայէլ, որ երէկ քիչ մը չափէն աւելի բարկացած իր դիմակը վար առնելով եւ իսկական երեսը ցոյց տալով ըսաւ, որ Պուրճ Համուտի ընտրութիւնները կրկնուին, ապա մենք պատրաստ ենք այսօ՛ր, ոչ թէ վաղը: Այսօրուընէ պատրաստ ենք, որ ընտրութիւնները կրկնուին, որպէսզի ան գիտնայ, որ ժողովուրդի մը արժանապատուութեան հետ խաղալու պատասխանը ինչպէ՛ս կրնայ ըլլալ: Չեմ ուզեր, որ այս մէկը ժխտական ձեւով ընկալուի, որովհետեւ ինք լաւ գիտէ, մենք ալ լաւ գիտենք, իր բարեկամները լաւ գիտեն, իր դաշնակիցները լաւ գիտեն, որ անցնող մէկ ամսուան ընթացքին ի՛նչքան դրական վերաբերում ցուցաբերեցինք իրեն նկատմամբ: Պատասխանը եկաւ երէկ, շնորհակալ ենք այդ պատասխանէն: «Պատգամը հասաւ», կ՚ըսեն արաբերէնով: Քիչ ետք Կեդրոնական Կոմիտէն յատուկ հաղորդագրութեամբ մը պիտի պատասխանէ այդ ցեխարձակումներուն՝ Ժեմայէլի եւ Կապրիէլ Մըրի կողմէ կատարուած («ԱՍՊԱՐԷԶ».- Տեսնել մեր Չորեքշաբթի օրուան համարը, առաջին էջ): Անոնք արտայայտուեցան ցեղային խտրականութեան հիմունքով՝ ապշահար դարձնելով երէկ «Քալամ նաս» յայտագիրին սեղանին շուրջ նստող իմ սեղանակիցներս, որոնց կարգին էր նաեւ Ամին Ժեմայէլի խորհրդատուն՝ Սելիմ Սայէղը: Անոնք զարմանք յայտնեցին, որ նման կեցուածք ի՛նչպէս կարելի է արտայայտել, մանաւանդ երբ կասկածի տակ կ՚առնուի նաեւ մեր քրիստոնէութիւնը: Այսինքն՝ պէտք է թերեւս յիշեցնել իրենց, որ մենք ո՛վ ենք, ի՛նչպէս քրիստոնեայ դարձած ենք, քրիստոնէութեան համար իսկական զոհերը որո՛նք եղած են: Իսկապէս ես այսօր դժուարութիւն ունիմ բառերը գործածելու: Թերեւս ասիկա յոգնածութեան արդիւնք է, բայց նաեւ չէի կրնար ըմբռնել, որ տասնամեակներ ետք Լիբանանի մէջ քաղաքական ղեկավար մը կրնայ գոյութիւն ունենալ, որ այդպիսի բառամթերքով կը խօսի համայնքի մը մասին, կուսակցութեան մը մասին, որ միայն տուած է այս հայրենիքին, որ միայն արդարութիւն ուզած է, որ միայն չափաւորականութիւն ուզած է, որ միայն դէմ եղած է պատերազմին, որ միայն դէմ եղած է սպանութիւններուն: Եթէ այս է մեր ըրածին գնահատանքը, այսօր շատ լաւ կը հասկնամ, թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ Լիբանանի մէջ պատերազմներ կը սկսին, ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ Լիբանանի մէջ սպանութիւններ կը կատարուին, ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ տակաւին ոչ քրիստոնեայ համայնքներուն նկատմամբ այս ոխը գոյութիւն ունի:
Հ.- Երէկ գիշեր դուք մասնակցեցաք այդ յայտագիրին: Այդ անարգական եւ վարկաբեկիչ խօսքերը ուղղուեցան նախ ձեզի, ապա ձեր անձին ընդմէջէն ամբողջ լիբանանահայութեան եւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան: Հոգեբանութեան մէջ այսպիսի բան կայ, որ երբ մէկը շատ բարկացած է եւ բարկութեան նոպաներուն մէջ արտայայտութիւններ ունենայ, կ՚ըսուի, մասնագէտները հաստատած են, որ անոնք շատ անկեղծ արտայայտութիւններ կ՚ըլլան: Դուք անդրադարձաք այդ երեւոյթին, երբ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ երկրորդ անգամ կատարեց յայտարարութիւն մը, որ շատ աւելի չափաւորական էր. դուք ըսիք, որ «ես աւելի կը հաւատամ առաջին յայտարարութեան, որովհետեւ անկեղծ էր»: Լաւ, հիմա հոն, սեղանին վրայ, սթիւտիոյին մէջ, մենք բաւական լաւ տեսանք ինչ որ տեղի ունեցաւ պատկերասփիւռէն: Նախ սկսինք Կապրիէլ Մըրով, որ այդքան վատորակ եւ ատելութեամբ լեցուն յայտարարութիւն կատարեց: Այդ պահը կլոր սեղանին շուրջ ինչպիսի՞ մթնոլորտ ստեղծեց:
Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ.- Անկեղծ ըսած, ինքզինքս երբեք առանձին չզգացի հոն. բոլորն ալ անխտիր ապշեցան կատարուած արտայայտութեան համար, զարմացան, որ նման յայտարարութիւն մը կը կատարուի. ի միջի այլոց այսօր առաւօտ գիտցանք, որ Կապրիէլ Մըր կը խօսէր Ամին Ժեմայէլի Պիքֆայայի պալատէն: Այն աստիճան, որ երբ դադար առինք, «Էլ.Պի.Սի.»ի ընդհանուր տնօրէն Փիեռ Տահէրը վար իջաւ, ինք եւս դեղնած՝ ըսելու համար, որ ի՛նչ կը պատահի: Ասիկա, ըսաւ, քրիստոնէական շրջաններուն մէջ պատերազմի կոչ է: Բոլորն ալ արաբերէնով գործածեցին գրգռութիւն բառը՝ «ֆիթնա», եւ խնդրեցին, ինձմէ, որ չափաւոր կերպով պատասխանեմ, եւ կ՚ենթադրեմ, որ բաւական քաղաքավար էի, բաւական չափաւոր էի եւ բաւական դժուարութեամբ ուզեցի ըսել այն, ինչ որ երկար ատենէ չէի ուզած ըսել: Բայց երբ այնուհետեւ նաեւ Ամին Ժեմայէլ իր խօսքը արտասանեց, զգացի, որ անհրաժեշտ է պատասխանել, որովհետեւ չպատասխանելը տկարութեան նշան էր եւ ես երբեք ինքզինքս տկար չեմ կրնար զգալ, երբ հոն եղած ատենս գիտէի, որ բազմահազար հայեր պաստառին գամուած կը դիտեն այս յայտագիրը եւ ի՛նչ կը զգան, երբ նման արտայայտութիւններ կ՚ըլլան, ի՛նչ կը զգան, երբ կը տեսնեն, որ քաղաքական ղեկավար մը դանակով կը խոցէ իրենց արժանապատուութիւնը եւ սիրտը:
Ես հանգիստ եմ. թերեւս մարդիկ կան, որ կրնան ըսել, թէ սխալ խօսեցար, պակաս կամ աւելի բաներ ըսիր, բայց ես հանգիստ եմ, որ պատշաճութեան սահմաններուն մէջ, հոն ուր պէտք էր պատասխանել, պատասխանեցի, հոն ուր պէտք էր հանդարտութեան կոչ ուղղել, հանդարտութեան կոչ ուղղեցի, որովհետեւ իսկապէս երէկ փողոցը տակն ու վրայ էր, մինչեւ իսկ «Էլ.Պի.Սի.»ի շրջապատը, շրջակայ փողոցները: Մենք գոհ ենք, որ երէկ հանգիստ անցաւ, մեր ժողովուրդէն ոչ ոքի քիթը արիւնեցաւ: Սկսելով առաւօտէն, ընտրութիւններու ընթացքին, երբ շրջապտոյտ մը կը կատարէի ընտրական սնտուկներուն մօտ, փաղանգաւոր ներկայացուցիչներ կային սնտուկներուն վրայ, հնչակեան տղաք կային, որոնք փաղանգաւորներու սնտուկներուն վրայ կեցած էին, ուրիշ հայեր ալ կային, զորս չէի ճանչնար, բայց գիտէի, որ մեր ներկայացուցիչները չէին: Բոլորին անխտիր, մէկ առ մէկ հարցուցի, թէ հարց կա՞յ երբեք, անհանգիստ կը զգա՞ք, որեւէ դժուարութիւն կա՞յ, որեւէ մէկ սխալ կա՞յ, բան մը կա՞յ, որուն գծով մենք կրնանք անգիտակցաբար սխալած ըլլալ, եւ սրբագրել զայն: Բոլորն ալ միաբերան ըսին, որ երբեք, շատ հանգիստ ենք քով-քովի եւ կը յուսանք, որ յաջորդ ընտրութիւններուն դարձեալ քով-քովի կ՚ըլլանք, բայց ոչ հակադիր ճակատներու վրայ:
Այս մթնոլորտէն ետք, յանկարծ, որովհետեւ մէկը կորսնցուցած է երեսփոխանական աթոռ մը, ամբողջ ժողովուրդի մը, ամբողջ կուսակցութեան մը դէմ նման ոխակալ, վարկաբեկիչ արտայայտութիւն ունենալը իսկապէս լիբանանեան բարքերուն մէջ անսովոր երեւոյթ էր: Այսօր ուրիշ օր է: Կը յուսանք, որ երբ մարդիկ երէկ քնացան, մտածեցին իրենց ըսածներուն մասին եւ պիտի սրբագրեն, բայց դժբախտաբար նաեւ սրբագրութիւնը շատ ժամանակ կ՚ուզէ սպիացնելու համար մեր մէջ բացուած վէրքը:
Հ.- Դուք այդ կլոր սեղանը աւարտեցիք շատ չափաւորական եւ համալիբանանեան մեծ արժէք ներկայացնող խօսքով մը, որ մեծ ընդունելութիւն գտաւ, գնահատուեցաւ եւ ողջունուեցաւ ամբողջ լիբանանեան հանրային կարծիքին կողմէ, որովհետեւ ամէն մարդ այդ ձեր խօսակցութիւնը այսօր լուսարձակի տակ բերած է: Հիմա թեքնիք հարցում մը. այդքան դժուարութենէ ետք, դժուարութիւն, որովհետեւ երկու քաղաքական ղեկավարներ, փաստօրէն, անարգանքով, ատելութեամբ եւ ոխակալութեամբ յայտարարութիւններ կատարեցին եւ դուք հոն իբրեւ հայ ժողովուրդին պաշտպան փաստաբանը լաւապէս պաշտպանեցիք դատը: Հոգեբանական ի՞նչ վիճակի մէջ կը մնայ մարդ մը, երբ դէմ յանդիման գտնուի պատկերասփիւռի քամերաներուն առջեւ, ուղղակի պատկերասփռուած յայտագիրի մը ընթացքին եւ երբ պէտք է յանուն խաղաղութեան ու յանուն կացութեան բարելաւման մէկ հոգեվիճակէն միւսը անցնի. ատիկա զգացի՞ք երէկ:
Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ.- Նախ պէտք է ըսեմ, որ երբ ես հոն կը խօսէի եւ երբ աւարտին համար համալիբանանեան իմաստով իմ կեցուածքներս փոխանցեցի, իմ կեցուածքներս չէին անոնք, անոնք Հ.Յ.Դաշնակցութեան կեցուածքներն էին: Ես այս դպրոցին զաւակն եմ եւ հոն ըսի այն, ինչ որ սորված եմ Հ.Յ.Դաշնակցութեան մէջ, եւ երեւի մարդիկ չէին գիտեր, չէին ուզած գիտնալ կամ չէին ուզած լսել եւ անակնկալի եկան, որ մենք քրիստոնեայ ենք, որ երբ մեզի կ՚ըսեն հայ, քրիստոնեայ թէ իսլամ, երբեմն նաեւ կը վարկաբեկեն մեզ, հակառակ անոր, որ երբեք մեզի համար նախատինք չէ նկատուած հայ ըլլալու հանգամանքը. թերեւս պէտք էր այդ բոլորը ըսել: Երկրորդ, ես հոն քաջութիւնը ունէի այդպէս խօսելու, նախ՝ համոզուած, որովհետեւ գիտէի, որ իմ կռնակս ժողովուրդը կայ, ինծի նեցուկ է այդ ժողովուրդը եւ կուսակցութիւնը: Երրորդ, թերեւս իմ մէկ այլ երեսս տեսնուեցաւ երէկ. յաճախ անոնք, որոնք զիս կը ճանչնան, գիտեն, որ հանդարտ, երբեմն պէտք եղածէն աւելի քաղաքավար մարդ եմ, բայց երբ մեր ազգային արժանապատուութիւնը կը վիրաւորուի, ամէնէն քաղաքավարն անգամ կը դառնայ յարձակող, սակայն դարձեալ քաղաքավարութեամբ: Հոգեբանական ինչպիսի՛ փոփոխութիւն ապրեցայ, մինչեւ հիմա այդ վիճակին մէջ եմ անկեղծօրէն. հպարտ եմ, որ կրցայ մեր ժողովուրդին դատը պաշտպանել:
Հ.- Վերջին հարցումը կը վերաբերի այն քաղաքական յաղթանակին, զոր արձանագրեցին հայութիւնը եւ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը: Մեթնի մասնակի ընտրութիւններուն վրայ հիմնուելով եւ անկէ մեկնելով՝ հայութիւնը Հ.Յ.Դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ ի՞նչ իրագործեց, քաղաքական ինչպիսի՞ յաղթանակ արձանագրեց:
Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ.- Հայութեան յաղթանակին առաջին կէտը իր ազատ եւ անկախ կեցուածքին արտայայտութիւնն էր, երկրորդը՝ ժողովրդավարական արտայայտութիւնն էր, երրորդը այն խօսքն էր, որ ուղղեց ուրիշներու՝ ըսելու համար, որ այս կուսակցութիւնը կը մնայ այս ժողովուրդին զաւակը, այս կուսակցութեան որոշումները ճիշդ որոշումներ են եւ ժողովուրդը այդ ճիշդ որոշումներուն զօրավիգ է: Չորրորդ՝ որ այս կուսակցութեան մասին ստապատիր արտայայտութիւնները ո՛չ մէկ ձեւով կը նպաստեն հակառակորդ կողմին եւ ընդհանրապէս նաեւ Լիբանանի քաղաքական կեանքին: Թող հանգիստ ըլլան բոլորը: Անգամ մը եւս հակառակ ամէն ինչի, հակառակ տարաձայնութեանց, հակառակ ճնշումներու, հակառակ դրամական հոսքին, այս կուսակցութիւնը վայելեց մեր ժողովուրդին վստահութիւնը եւ այդպէս ալ պիտի շարունակուի: Մենք յաղթական ենք այս ընտրութիւններուն, յաղթական ենք քաղաքական այս հանգրուանին եւս, յաղթական ենք շնորհիւ մեր ժողովուրդին: