ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Եորկօ Երափեթրիտիսը։ Անգարա-Աթէնք դրական օրակարգի համայնապատկերին վրայ բիւրեղացաւ այս այցելութիւնը, որ կը զուգադիպի երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական շփումներու խտացման ժամանակաշրջանին։ Կը հաղորդուի, որ Թուրքիա եւ Յունաստան այս փուլին համամիտ են տարակարծութիւններու լուծման համար նոր մօտեցումներ որդեգրելու։
Անգարայի բանակցութիւններէն ետք, համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Ֆիտան ըսաւ հետեւեալը. «Պատրաստակամ ենք մեր՝ Յունաստանին հետ առանց նախապայմաններու երկխօսութիւնը տեւականացնելու եւ բոլոր բնագաւառներուն մէջ մեր յարաբերութիւնները հասարակաց շահերու հիման վրայ զարգացնելու։ Մեր հարցերը կրնանք լուծել իրաւունքներու եւ շահերու նկատմամբ փոխադարձ յարգանքով, միջազգային իրաւունքի հիման վրայ»։
Իր կարգին, Երափեթրիտիս նշեց, որ համակարծիք գտնուած են, որ «դրական օրակարգը շարունակուի»։ Ան նաեւ ըսաւ, որ Յունաստան կը խրախուսէ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացը։
Նախարար Ֆիտան ասուլիսին ընթացքին հաղորդեց մանրամասնութիւններ բանակցութիւններու բովանդակութեան մասին։ Այսպէս՝ Եգէականի եւ Արեւելեան Միջերկրականի հարցերը ենթարկուած են ծաւալուն արժեւորման։ «Եգէականի պարագային, կան տարակարծութիւններ, որոնք անցեալին կը քննարկուէին խորհրդակցութիւններով։ Յառաջիկայ շրջանին, այս գործընթացը վերսկսելու կէտին վրայ կանգ առինք», ըսաւ Ֆիտան եւ աւելցուց, որ ապօրինի գաղթի տագնապը պէտք է ըլլայ ո՛չ թէ մրցակցութեան, այլ համագործակցութեան ոլորտ մը։
Ֆիտան նաեւ ընդգծեց, որ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու հարցերուն շուրջ առնուած են բազմաթիւ դրական քայլեր եւ նոյն դրական մօտեցումը կ՛ակնկալուի Յունաստանի բնակիչ ցեղակիցներու պարագային։ «Յունաստանի մեր մշակութային ժառանգութեան պահպանման մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայենք ։ Օսմանեան կոթողներու վերանորոգութեան համար պատրաստ ենք աջակցութիւն ցուցաբերելու։ Ընդգծեցինք, որ այս հարցին շուրջ կրնանք համագործակցիլ», ընդգծեց Ֆիտան։
Ի լրումն այս բոլորին, Անգարայի բանակցութիւններուն ընթացքին շօշափուեցան տարածաշրջանային իրադարձութիւնները՝ ներառեալ Ուքրանիոյ, Լիպիոյ եւ Սուրիոյ կացութիւնները։