
Հայ-ամերիկեան բժշկական ընկերակցութիւնը (ՀԱԲԸ-AAMS) ուրախ է յայտնելու, որ արդէն իսկ կ՛ընդունի 2023-2024 ուսումնական տարեշրջանի կրթանպաստներու դիմումնագիրները։
ՀԱԲԸ անգամ մը եւս առողջապահութեան մարզի արժանաւոր եւ կարիքաւոր ուսանողներու 2500-5000ական տոլարի կրթանպաստներ պիտի շնորհէ, օժանդակելու համար անոնց կրթական ճիգերուն։ Ընդունուելու համար, ուսանողները պարտին արձանագրուած ըլլալ ամերիկեան մասնագիտական վաւերացուած հաստատութիւն մը, բժշկական, ատամնաբուժական, հիւանդապահութեան, բժիշկի օգնականի, դեղագործութեան եւ այլ առողջապահական ճիւղերու հետեւելու նպատակով։ Առաւել, ուսանողները պարտին ունենալ հայկական ծագում կամ յատուկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեն հայկական բժշկական հարցերու նկատմամբ եւ գործօն կերպով ներգրաւուած ըլլան հայ համայնքի աշխատանքներուն մէջ։
Այն ուսանողները, որոնք վերոնշեալ պայմանները կը լրացնեն, պէտք է այցելեն www.aamsc.org կայքը՝ դիմումնագիրի եւ յաւելեալ տեղեկութեանց համար։
Ամբողջացած կրթանպաստներու դիմումնագիրի ծրարները պէտք է կնքանշուած (postmark) ըլլան մինչեւ 15 Հոկտեմբեր եւ ուղարկուին AAMS, P.O. Box 32, Glendale, CA 91209, info@aamsc.org հասցէին։