Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող հայկական կազմակերպութիւններու մեծագոյն համախմբումը հանդիսացող Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդը (PAC) կոչ կ՛ընէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին, որ ամէն միջոց ի գործ դնէ՝ Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղ) պաշարման անյապաղ վերջ մը դնելու նպատակով, որովհետեւ առաւել քան 8 ամիսներէ ի վեր աշխարհէն կտրուած Արցախի մէջ մնացող 120,000 հայութիւնը կենաց մահու պայքար կը մղէ։
Դէպի Արցախ ուտեստեղէնի, դեղորայքի, ուժանիւթի եւ կենսական այլ նիւթերու առաքումը Դեկտեմբեր 2022էն ի վեր կամայականօրէն կասեցուցած Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ճգնաժամ մը ստեղծած են պարզապէս խաղաղ, ազատ եւ ապահով կեանք մը փափաքող Արցախի անմեղ քաղաքացիներուն համար։
Մարդկային իրաւանց միջազգային դէտեր կ՛ազդարարեն, թէ Արցախի ժողովուրդը շաբաթներու ընթացքին սովամահութիւն պիտի դիմագրաւէ, յատկապէս որովհետեւ այս տարուան 15 Յունիսէն ի վեր, Իլհամ Ալիեւի բռնապետական վարչակազմը կասեցուցած է նաեւ Կարմիր Խաչի միջազգային կազմակերպութեան կողմէ կատարուող մատակարարումները։
Հակառակ Ատրպէյճանի ցեղասպանական այս քաղաքականութեան բազմաթիւ դատապարտումներուն միջազգային համայնքին կողմէ եւ 22 Փետրուար 2023ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի՝ Լաչինի միջանցքին վերաբերող իրաւականօրէն պարտադիր կատարում ենթադրող որոշումին (որ պաշտօնապէս հաստատուեցաւ 7 Յուլիսին), Պաքու կը շարունակէ աւելիով սեղմել Արցախի շուրջ օղակը եւ 23 Ապրիլին ապօրինի անցարգել մը հաստատեց Լաչինի միջանցքին վրայ, խախտելով իր իսկ ստորագրած 9 Նոյեմբեր 2020ի յայտարարութիւնը։
Ատրպէյճանի մարդկութեան դէմ ոճիրները, ցեղային զտումի եւ ցեղասպանական ջանքերուն մաս կը կազմեն նաեւ այս տարուան Յուլիսին եւ Օգոստոսին կատարուած 68ամեայ Վագիֆ Խաչատրեանի եւ 61ամեայ Ռաշիտ Բեկլարեանի առեւանգումները, մինչ անոնք դարմանումներու համար Հայաստան կը փոխադրուէին Կարմիր Խաչին կողմէ։
30,000 հայ մանուկներու, 20,000 հայ տարեցներու եւ 9000 հայ անկարներու կեանքը վտանգուած կը մնայ. գործնական քայլեր կը պահանջենք նախագահ Պայտընէն եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն, Ալիեւի վարչակազմին ձեռամբ Հայոց Ցեղասպանութեան կրկնութեան առաջքը առնելու համար։ Կենսական են հետեւեալները․
1․ Լաչինի միջանցքին ամբողջական բացումը պահանջող ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւի ներկայացում, որպէսզի գործադրուի 22 Փետրուար 2023ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը․
2․ Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական բոլոր ամերիկեան օժանդակութիւններու կասեցում․
3․ Պատժական քայլեր՝ Ալիեւի վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու դէմ.
4․ 100 միլիոն տոլարի մարդասիրական օժանդակութեան տրամադրում պաշարուած Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղ) ժողովուրդին, Լաչինի միջանցքով․
5․ Առնուազն 5000 զինեալ դէտերու Արցախի մէջ ՄԱԿի առաքելութեան (UNMINK) հաստատում։
Եթէ անմիջական քայլեր չառնուին, Արցախ կրնայ միանալ Հալապճային, Ռուանտային, Տարֆուրին եւ Սրեպրինքային՝ վայրեր, որոնք ականատես դարձան արդի աշխարհի սատանայական արարքներուն եւ արատ կը մնան համամարդկային խիղճին վրայ։
Պարոն նախագահ եւ պարոն նախարար,
Այժմ հարկաւոր են կտրուկ քայլեր երկրորդ Հայոց Ցեղասպանութեան առաջքը առնելու համար։ Կը խնդրենք, որ առաջնորդողի դեր ստանձնէք՝ պաշտպանելու համար Արցախի 120,000 հայերը եւ անոնց ինքնորոշման տարրական իրաւունքը, հիմնուած անջատում (կամ՝ ճանաչում)՝ յանուն փրկութեան սկզբունքին վրայ։
Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդը հիմնուած է 2019ին, Քալիֆորնիոյ Պըրպենք քաղաքին մէջ եւ բաղկացած է հայ համայնքը ղեկավարող 25 մեծագոյն կրօնական, քաղաքական, մշակութային եւ մասնագիտական կազմակերպութիւններէ։ Խորհուրդին միջոցով այս կազմակերպութիւնները կը ձգտին իրականացնել կազմակերպութեան առաքելութեան յայտարարութիւնը՝ իրականացնել համահամայնքային բնոյթի ծրագիրներ, խրախուսել եւ աջակցիլ ծրագիրներու, որոնք յառաջ կը մղեն Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի հայ համայնքներուն հաւաքական շահերը եւ իրաւունքները, քայլեր ձեռնարկել՝ դիմակայելու հայութեան հաւաքական շահերուն եւ իրաւունքներուն հակասող գործողութիւնները եւ ջանքերը, հաւաքել եւ կիրառել հայ համայնքի միջոցները՝ ի շահ համայնքի շահերուն, ինչպէս նաեւ՝ ի շահ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն եւ միշտ զգոյշ ըլլալ հայ համայնքի հաւաքական առողջութեան ու պաշտպանութեան նկատմամբ։
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ