«Իսրայէլ պիտի չարտօնէ Պաղեստինեան իշխանութեան մօտ սէուտական դիւանագիտական առաքելութիւն բանալ», յայտնեց Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհեն:
Ըստ իսրայէլեան «Ի24նիուզ» կայքին՝ այս որոշումը տրուած է Սէուտական Արաբիոյ` Պաղեստինեան իշխանութեան մօտ իր առաջին դեսպանը եւ հիւպատոսը յայտարարելէ ետք:
«Անոնք մեր արտօնութիւնը խնդրելու կարիքը չունին, մեզի հետ չխորհրդակցեցան եւ ատոր կարիքը չունին, սակայն դիւանագիտական որեւէ առաքելութեան բացումը բացարձակապէս պիտի չարտօնենք», աւելցուց Քոհեն:
Իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտնեց, որ այս որոշումը պայմանաւորուած է Իսրայէլի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման բանակցութիւններուն մէջ յառաջդիմութեամբ` ընդգծելով. «Պետութիւններուն հիւպատոսարաններ բանալ չենք արտօներ, այդ մէկը մեր դիրքորոշման հակառակ է»:
Քոհեն իր խօսքը եզրափակելով ըսաւ, որ կարելի է յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութիւններու հասնիլ: «Հարցը բարդ է, սակայն իրագործելի է», նշած է ան` աւելցնելով. «Սէուտական Արաբիոյ շահերը Իսրայէլի շահերէն նուազ կարեւոր չեն. 9էն 12 ամսուան առիթ ունինք զայն ամբողջացնելու, որովհետեւ այդ ժամանակէն ետք, Միացեալ Նահանգներ ընտրական արշաւով զբաղած պիտի ըլլայ»:
Քոհեն նաեւ յայտարարեց հետեւեալը. «Պաղեստինեան դատին շուրջ կարելի է փոխադարձ հասկացողութիւններ գոյացնել»: