Պէյրութի Սեն Ժոզէֆ համալսարանի Արեւելեան մատենադարանին մէջ, 27 Մայիսին տեղի ունեցաւ հնագէտ Լեւոն Նորտիկեանի մեծարանքի հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ Ֆրանսայի մշակոյթի նախարարութեան ներկայացուցիչ Ժան-Ֆրանսուա Էպէրի:
Էպէր իր արտասանած խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Նորտիկեանի պատկառելի եւ անգնահատելի վաստակը` իբրեւ արուեստի ու դպրութեան ճառագայթումի երախտաւոր:
Նորտիկեանի վաստակը մեծ է յատկապէս հայր Փուարտըպարի պատմական բացառիկ արժէք ներկայացնող նկարներու պատկառելի հաւաքածոյի պահպանման եւ դասաւորման մէջ:
Յիսուսեան միաբան հայր Անթուան Փուատըպար (1878-1955) եղած է հնագէտ, երկրախոյզ, օդանաւորդ եւ նկարիչ: 1904էն սկսեալ ան ծառայած է հայ ժողովուրդին` Եւդոկիոյ, Ամասիոյ եւ Սեբաստիոյ մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան օրերուն մօտիկ կապեր հաստատած է վարչապետ Խատիսեանի, զօրավար Նազարբէկեանի, Անդրանիկի եւ Գէորգ Ե. կաթողիկոսին հետ: 1924ին ան փոխադրուած է Լիբանան եւ ծառայած Ցեղասպանութենէն վերապրած գաղթական հայութեան:
Ֆրանսայի մշակոյթի նախարարութեան կողմէ, Ժան-Ֆրանսուա Էպէրի ձեռամբ Լեւոն Նորտիկեան պարգեւատրուեցաւ Արուեստի եւ գրականութեան ասպետի տիտղոսով: