Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու աւարտին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ին բացումը անխուսափելի է:
«Որքան արագօրէն բացուի «Զանգեզուրի միջանցք»ը, այնքան լաւ: Ներկայի աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ «միջին հաղորդակցութեան միջանցքի» կարեւորութիւնը կ՛աւելնայ: Կասպից ծովու ափով բեռնափոխադրումներու ծաւալը կ՛աճի, այդ իսկ պատճառով, մենք կ՛ընդլայնենք մեր երթեւեկութեան հնարաւորութիւնները: Այսօրուան բանակցութիւններուն ընթացքին մենք քննարկեցինք «Զանգեզուրի միջանցք»ի շուտափոյթ բացման հարցը, եւ ես կրնամ ըսել, որ այդ միջանցքի բացումը անխուսափելի է: Ամէն պարագայի, մենք այդ ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը կ՛աւելցնենք: Այդ միջանցքի բացումը նոր կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ բոլոր երկիրներուն համար եւ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ տարածաշրջանին մէջ գործարար կապերուն վրայ», յայտարարեց Ալիեւ:
Էրտողան եւս չշրջանցեց այս նիւթը՝ պնդելով, թէ Հարաւային Կովկասի մէջ հաղորդակցութեան ուղիները պէտք է օր առաջ ապաշրջափակուին, որովհետեւ, ըստ անոր, անիկա պիտի թեթեւցնէ նաեւ երթեւեկութեան հաղորդակցութիւնը Թուրքիոյ եւ Նախիջեւանի միջեւ:
Երկու նախագահներուն այս յայտարարութիւնները հնչեցին աւելի քան մէկ ժամ շարունակուած դէմ առ դէմ, ապա նաեւ ընդլայնուած ձեւաչափով բանակցութիւններու աւարտին: Ընդլայնուած կազմով հանդիպման ընթացքին էր, որ Էրտողան յայտարարեց Շուշիի մէջ Գլխաւոր հիւպատոսարան բանալու պատրաստակամութեան մասին՝ յատուկ կերպով ընդգծելով, որ նման քայլի մը շուտափոյթ իրագործումը «ուղերձ պիտի ըլլայ ամբողջ աշխարհին` մասնաւորաբար Հայաստանին»:
Ալիեւ-Էրտողան բանակցութիւններու գլխաւոր նիւթերէն մէկը ռազմական երկկողմ գործակցութեան հետագայ խորացումն էր:
Էրտողան դարձեալ խօսեցաւ Պաքուի եւ Անգարայի, իր բնորոշումով՝ «եղբայրական յարաբերութիւններուն մասին», որոնց զարգացման, ըստ անոր, աշխարհը կը հետեւի նախանձով: Էրտողան յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ իր նոր մեկնարկած երրորդ նախագահական ժամանակաշրջանին թուրք-ատրպէյճանական երկկողմ յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն զարգանալ «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» սկզբունքին հիման վրայ: