Հիւսիսային Քորէան իր ամբողջական աջակցութիւնը եւ համերաշխութիւնը կը յայտնէ «կայսերապաշտներու դէմ իր գերիշխանութիւնն ու ապագան պաշտպանող» Ռուսիոյ ժողովուրդին եւ բարգաւաճում ու յաղթանակ կը մաղթէ: «Թասս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Ռուսիոյ օրուան առիթով Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ունի` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին յղած շնորհաւորական հեռագիրին մէջ: Ան նաեւ նշած է, որ Հիւսիսային Քորէայի եւ Ռուսիոյ ժողովուրդներու բարեկամութիւնը երկու երկիրներուն համար «արժէքաւոր ռազմավարական արժէք» դարձած է: Ըստ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարին՝ ինք պատրաստ է առաւել եւս ամրապնդելու Փիոնկեանկի ու Մոսկուայի միջեւ բարի դրացիական յարաբերութիւնները եւ ռազմավարական համագործակցութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.