ԵԱՀԿի մնայուն խորհուրդի 6 Յունիսի յատուկ նիստին ընթացքին, ԵԱՀԿի մօտ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Արմէն Պապիկեան յայտարարեց, որ Ստեփանակերտ-Պաքու քննարկումներուն համար միջազգային գործիքակազմի մը ներդրումը եւ արցախահայութեան ապահովութեան եւ իրաւունքներու հասցէագրումը հրամայական քայլեր են:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հաւանական համաձայնագիրի մը կամ խաղաղութեան պայմանագիրի մը հարցին մէջ Երեւան Պաքուին ներկայացուց քանի մը հիմնարար առաջարկներ, որոնց կարգին՝ խաղաղութեան համաձայնագիրի երաշխաւորներու կառոյցի ձեւաւորման վերաբերեալ:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Պապիկեան կարեւոր նկատեց ԵԱՀԿի առաքելութեան ժամանումը Հայաստան անցած տարուան Սեպտեմբերին՝ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ Ատրպէյճանի յարձակումէն ետք:
Ան անդրադարձաւ նաեւ 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան կոպիտ խախտումով Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին մէջ ապօրինի անցակէտի տեղադրման եւ այդ պատճառով Արցախի մէջ սրած մարդասիրական ճգնաժամին: