
Իրանի բանակի ծովուժի հրամանատար ծովակալ Շահրամ Իրանի Կիրակի օր յայտարարեց, որ Իրանի եւ շրջանի պետութիւններուն, ներառեալ Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի, Պահրէյնի եւ Իրաքի միջեւ ծովային դաշինք պիտի կազմուի:
«Ռեկնում»ը նախապէս տեղեկացուցած էր, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքը հաղորդած է, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները հեռացած է Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ Կարմիր ծովուն եւ Արաբական ծոցին մէջ գործող Միացեալ ծովային ուժերէն:
Փաստաթուղթը կը վերահաստատէր «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հաւատարմութիւնը խաղաղ երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան՝ իբրեւ շրջանի ապահովութեան եւ կայունութեան ընդհանուր նպատակներուն հասանելի միակ ճիշդ տարբերակ»:
Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի նաեւ, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները բոլոր գործընկերներուն հետ ապահովութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան առաւել արդիւնաւէտութեան համար երկու ամիս առաջ որոշած է հրաժարիլ Միացեալ ծովային ուժերուն մասնակցելէ:
Միւս կողմէ, Սպիտակ տան ազգային ապահովութեան խորհրդատու Ճէյք Սալըվըն իր էմիրաթցի պաշտօնակից Թահնուն պըն Զայէտ Նահիանի հետ հանդիպումէն ետք նշեց երկու երկիրներուն միջեւ ապահովական եւ պաշտպանական գործընկերութեան կարեւորութիւնը եւ ուժը:
Ան շեշտեց նաեւ, որ Միացեալ Նահանգները յանձնառու է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ շրջանին մէջ մնացեալ գործընկերներուն դէմ սպառնալիքները զսպելու առնչութեամբ:
Պըն Զայէտ իր կարգին գնահատեց Միացեալ Նահանգներու հետ ապահովական եւ պաշտպանական գործընկերութեան ուժը:
Անոնք իրենց հանդիպումին ընթացքին քննարկեցին աւելի համապարփակ, բարգաւաճ, կայուն եւ արդիական ճարտարագիտութիւնը աւելի մեծ տարողութեամբ օգտագործող Միջին Արեւելք մը կառուցելու նպատակները: