Թուրքիոյ Մարդկային իրաւունքներու միութեան Տիգրանակերտի մասնաճիւղը կազմակերպեց յիշատակի ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին յարգուեցաւ նաեւ Դանիէլ Վարուժանի յիշատակը։ Ըստ «Ակունք»ի՝ այս մասին հաղորդեցին թրքական լրատուամիջոցները։
Մասնակցողները հաւաքուեցան ապրելու իրաւունքը խորհրդանշող յուշակոթողին մօտ եւ բարձրացուցին Թուրքիոյ մէջ անհետ կորսուած անձերու, ինչպէս՝ արեւմտահայ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի ճակատագիրին հարցը։ Անոնց կողմէ ցուցադրուած լուսանկարներու շարքին տեղ գտած էր նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ գացած Դանիէլ Վարուժանի պատկերը։
Մարդկային իրաւունքներու միութեան Տիգրանակերտի մասնաճիւղի Անհետ կորսուած անձերու յանձնաժողովի անդամ Ֆըրաթ Աքտենիզ՝ «Չենք մոռցած եւ պիտի չմոռնանք» ըսելէ ետք, ներկայացուցած է Դանիէլ Վարուժանի կենսագրութիւնը։