
Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի դիտարկման համազեկուցողները հանդէս եկան յայտարարութեամբ մը՝ վերահաստատելով Լաչինի միջանցքը վերաբանալու կոչը:
«Մենք կը վերահաստատենք 16 Դեկտեմբեր 2022ին հրապարակուած՝ Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժի վերականգնման մեր կոչը եւ կը յիշեցնենք Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի 21 Դեկտեմբեր 2022ի որոշումը եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 22 Փետրուար 2023ի վճիռը. վերջինին մէջ նշուած է, որ »Ատրպէյճան պէտք է ձեռնարկէ իր տրամադրութեան տակ եղած բոլոր միջոցներուն՝ ապահովելու մարդոց, փոխադրութեան միջոցներու եւ բեռներու անարգել տեղաշարժը Լաչինի միջանցքի երկու ուղղութիւններով», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
«Ի գիտութիւն ընդունեցինք, որ Հայաստան 23 Ապրիլին յայտնեց Լաչինի միջանցքին մէջ անցակէտի տեղադրման հարցով Արդարադատութեան միջազգային դատարան դիմելու մտադրութեան մասին«, կ՛ըսեն խորհրդարանականները՝ աւելցնելով. »Կոչ կ՛ուղղենք Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին՝ ձեռնպահ մնալու միակողմ քայլերէ, որոնք կրնան աւելի բարդացնել Եւրոպական Միութեան կողմէ բարձրագոյն մակարդակով եւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան միջոցով թափ տալուն միտող բանակցային ջանքերը: Կոչ կ՛ուղղենք աշխուժացնելու սահմանային հարցերու շուրջ բանակցութիւնները եւ բոլոր վէճերը լուծելու խաղաղ ուղիով»: