Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 22 Մարտին, կառավարութեան անդամներուն հետ հարցում-պատասխան օրակարգին ընթացքին դիտել տուաւ, որ հակառակ բանակցութիւններուն Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ նոր յարձակման վտանգ կը տեսնէ:
«Այս օրերին, երբ մենք ականատես ենք լինում հէնց այդպիսի սուր հռետորաբանութեան եւ սպառնալիքների, պէտք է փաստենք, որ նոր ագրեսիայի (յարձակման) վտանգ` ե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ, ե՛ւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ իսկապէս կայ, ընդ որում Լեռնային Ղարաբաղիի դէպքում` նաեւ էթնիկ (ցեղային) զտումների եւ ցեղասպան քաղաքականութեան դրսեւորումների տեսքով», ըսաւ ան:
Միրզոյեան նաեւ ողջունեց ԵԽԽՎի յանձնաժողովի որդեգրած յայտարարութիւնը` Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ոչ իրաւաչափ արգելափակման վերաբերեալ, նաեւ յիշեցուց ՄԱԿի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին համապատասխան որոշումը եւ զանազան երկիրներու կոչերը՝ բանալու միջանցքը, աւելցնելով, որ այս բոլորը պէտք է շարունակուին, սակայն աւելի գործօն քայլերու պէտք է դիմուի։
Միրզոյեան չբացառեց, որ յառաջիկային տեղի ունենայ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպում մը: Ան նաեւ աւելցուց, որ Հայաստան կ՛աշխատի խաղաղութեան պայմանագիրին վերաբերեալ Ատրպէյճանէն ստացած առաջարկներուն ուղղութեամբ, իսկ յառաջիկային պիտի ըլլան հայկական կողմի առաջարկները եւ արձագանգը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ան ինչպէ՛ս կը մեկնաբանէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւնները, որոնք կը պարունակէին սպառնալիքներ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներուն նկատմամբ` խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ բանակցային գործընթացին զուգահեռ՝ Միրզոյեան ըսաւ, որ այս երեւոյթը նոր չէ, նախորդ փուլին եւս նոյն կացութիւնները պարզուած են, երբ մէկ կողմէ թշնամական մօտեցում կը ցուցաբերուի, իսկ միւս կողմէ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան։ «Անշուշտ, աւելորդ է անգամ ասել, որ նշածս հռետորաբանութիւնը եւ ագրեսիւ (յարձակողապաշտ) կեցուածքը ոչ միայն չեն նպաստում խաղաղութեան գործընթացին, այլեւ նոր խոչընդոտներ են ստեղծում այդ գործընթացի ճանապարհին», ընդգծեց Միրզոյեան:
Ան շեշտեց, որ Հայաստան հաստատակամ է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն տնօրինելու նպատակին եւ պիտի շարունակէ բանակցիլ երկարատեւ եւ կայուն խաղաղութեան ի խնդիր։
Միրզոյեան միւս կողմէ աւելցուց, որ Հայաստան չի բանակցիր Լաչինի միջանցքին մէջ անցակէտ տեղադրելու հարցին շուրջ: «Հայաստանը համարում է, որ Լաչինի միջանցքի ու նրա ռեժիմի (դրութեան) շուրջ բանակցութիւնները վաղուց աւարտուել են ու կարգաւորումները տեղ են գտել 2020 թուականի Նոյեմբերի 9ին Հայաստանի, Ադրբեջանի ու Ռուսաստանի ղեկավարների կողմից ստորագրուած փաստաթղթում: Այնտեղ ասւում է, որ Լաչինի միջանցքը մնում է ռուս խաղաղապահների վերահսկողութեան տակ ու Ադրբեջանն անխոչընդոտ ապահովում է երկկողմանի երթեւեկութիւնը», ըսաւ Միրզոյեան:
Ըստ անոր՝ անիկա ամրագրուած պայմանաւորուածութիւն է, եւ Հայաստան պէտք է արդէն կասկած յայտնէ հետագայ բանակցութիւններու նպատակայարմարութեան վերաբերեալ:
Ան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան մասին՝ նշելով, որ անիկա երկրին համար կարեւոր գործիք մըն է, որ պէտք է ծառայէ խաղաղութեան գործընթացին, մանաւանդ որ առաքելութիւնը քաղաքացիական է։